Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշում կայացուցած է ազատ արձակելու ՀՅԴ անդամ, «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան լրատուական-վերլուծական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեանը:
Յիշենք, որ վերջին երկու օրերուն հանրահաւաքներու վայրերէն եւ իրենց գրասենեակներէն բերման ենթարկուած են մօտաւորապէս 100 գործուն անձ, աւելի քան 10-ը այս պահուն ձերբակալուած են: Ընդդիմադիրները կը կարծեն, որ իշխանութիւնները նման կերպ համալրած են քաղբանտարկեալներու թիւը․ այլակարծութեան եւ խօսքի ազատութեան դէմ պայքար սկսած է ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ: