«Արմէնփրէս».- Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հրապարակած է արտահերթ զեկոյց Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի արարքին հետեւանքով երեխաներու իրաւունքներու խախտման մասին: Զեկոյցին մէջ ներկայացուած են 27 Սեպտեմբերէն  մինչեւ 9 ՆոյեմբերԱտրպէյճանի կողմէն Արցախի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմի ընթացքին երեխաներու իրաւունքներու արձանագրուած խախտումները, երեխաներու կեանքի, առողջութեան, ընտանիքի եւ համայնքին հետ ըլլալու, անձնային զարգացման ու պաշտպանութեան եւ շարք մը այլ իրաւունքներու խախտումներ:
Արարքի առաջին օրէն ատրպէյճանական զինեալ ուժերը Արցախի մօտ 170 (շուրջ 70%) համայնքներուն մէջ դիտաւորեալ եւ ոչ խտրական հարուածներու ենթարկած են քաղաքացիական նշանակութեան տուեալներ, բնակելի շինութիւններ, ենթակառուցուածքներ, որուն հետեւանքով թիրախաւորուած է քաղաքացիական բնակչութիւնը, երեխաներ, կանայք ու տարեցնէր: Ատրպէյճանական արարքին հետեւանքով Արցախի մէջ, Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի արձանագրմամբ, զոհուած է առնուազն 50 եւ վիրաւորուած է առնուազն 163 քաղաքացիական անձ, ներառեալ` զոհուած է 1 երեխայ, վիրաւորուած` 9-ը:
Կեանքին եւ առողջութեան սպառնացող վտանգէն պաշտպանուելու համար Արցախի երեխաները իրենց ընտանիքներուն հետ տեղահանուած են` ապաստանելով բնակելի շինութիւններու եւ քաղաքացիական այլ տուեալներու նկուղներուն մէջ կամ տեղափոխուելով առաւել անվտանգ վայրեր Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին:
Ատրպէյճանի կողմէն դիտաւորեալ ու չտարբերակուած յարձակումներու ենթարկուած են նաեւ երեխաներու համար նախատեսուած շինութիւնները` դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ, մանկապարտէզներ եւ այլն: Նախնական տուեալներով` Արցախի մէջ ատրպէյճանական արարքին հետեւանքով վնասուած է առնուազն 71 դպրոց, 14 մանկապարտէզ` չհաշուելով ատրպէյճանական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող` ԱՀ համայնքներու դպրոցներն ու մանկապարտէզները, որոնց զգալի մասի վիճակին մասին տեղեկութիւններ չկան: Կրթութեան իրաւունքէն զրկուած են դպրոցական տարիքի 23 հազ. 978 եւ նախադպրոցական տարիքի 4 հազ. 36 երեխաներ:
Քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորելուն զուգահեռ` ատրպէյճանական ընկերային մետիան լայնօրէն ողողուած էր հայատեացութեան եւ հայ երեխաներու նկատմամբ ատելութեան խօսքով` ընդհուպ նաեւ հայ երեխաները սպանելու առնչութեամբ լայնածաւալ քննարկումներ ու կոչեր:
Կարեւոր համարելով բոլոր իրավիճակներուն մէջ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կը դիմէ մարդու եւ յատկապէս երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ շահագրգիռ բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն` պատշաճ արձանագրելու Արցախի երեխաներու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումները եւ գործնական քայլեր ձեռնարկելու անոնց վերացման ուղղութեամբ: