Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահութիւնն ու Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն մահը Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար, փոխվարչապետ Ուալիտ Մուալլէմի, որ իր մահկանացուն կնքեց այսօր՝ Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամերուն:
Հանգուցեալ Ուալիտ Մուալլէմ ծնած էր Դամասկոս, 1941-ին: Երկրորդականի վկայականը ստացած էր Թարթուսէն, ետքը ուղղուած էր Գահիրէ եւ Գահիրէի պետական համալսարանի քաղաքագիտութեան ճիւղը աւարտած էր 1963-ին:
1964-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յարկէն ներս սկսած էր պաշտօնավարել եւ մաս կազմած էր դիւանագիտական բանակցութիւններու:
1990-ին նշանակուած է ԱՄՆ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպան եւ պաշտօնավարած է մինչեւ 1999:
2000-ի սկիզբը ստանձնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնը, իսկ 2006-ին նշանակուած է Սուրիոյ արտաքին գործոց Նախարար:
Ամուսնացած էր եւ հայր էր երեք զաւակներու:
Ունէր բազմաթիւ հրատարակութիւններ անկախութեան, Պաղեստինի եւ Միջին Արեւելքի մասին: