ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը Իմարաթի մէջ ուսումնամարզական հաւաքի ընթացքին բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Ուզպէքիստանի հաւաքականին դէմ: Մրցումը վերջ գտաւ 1-0 արդիւնքով ի նպաստ Սուրիոյ:
– Սուրիոյ հաւաքականի մարզիչ Նապիլ Մաալուլ հաւաքականէն հեռացուց յարձակողական խաղացող Ումար Խուրէյպինը, իր անպատասխանատու կեցուածքին համար:
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին սկիզբ առաւ Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան տարիքային մրցաշարքերը, իսկ այս շաբաթ պիտի սկսին տղոց եւ աղջկանց երէցներու մրցաշարքերը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՅԱՂԹԵՑ ՎՐԱՍՏԱՆԻՆ 
ՈՒԵՖԱ-ի Ազգերու Լիկայի Գ. մակարդակի 2-րդ խմբակի 5-րդ փուլի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը Թիֆլիսի մէջ 2-1 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել հիւրընկալ Վրաստանի կազմը: 33-րդ վայրկեանին խաղի առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի հաւաքականի աւագ խաղացող Գէորգ Ղազարեանը եւ այդ արդիւնքով վերջ գտաւ առաջին կիսախաղը: Դադարէն ետք, 65-րդ վայրկեանին մրցակից խումբի Վակոն տուգանային հարուածով արձանագրեց հաւասարութեան կոլը: Հանդիպման աւարտէն չորս վայրկեան առաջ, Սարգիս Ադամեանը նշանակեց Հայաստանի յաղթանակի կոլը: Շնորհիւ այս արդիւնքին, Հայաստանի հաւաքականը բարձրացաւ խմբակի աղիւսակին երկրորդ դիրք:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԱՐՊԱՍԱՊԱՀԸ ՈՉ ԵՒՍ Է 
Կիրակի օր Անգլիոյ Լիվըրփուլը իր պաշտօնական կայքով յայտարարեց, որ Լիվըրփուլի նախկին դարպասապահ Քլինսման իր մահկանացուն կնքած է: 72 տարեկան մարզիկը Անգլիոյ հաւաքականին հետ մաս կազմած է 61 խաղերու: Ան իր մարզական կեանքը սկսած է Սքաունթոն խումբին հետ, որմէ ետք տեղափոխուած է Լիվըրփուլ, ուր 14 տարի շարունակ մաս կազմած է 450 խաղերու: Լիվըրփուլին հետ արժանացած է հինգ ախոյեանութիւններու եւ երեք եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսի: Քլինսման կրած է նաեւ Թոթենհամի տարազը եւ եղած է Անգլիոյ հաւաքականի դարպասապահներու մարզիչ:
ՊՈՒՍՔԵԹՍԻ ՈՏՔԸ ՎՆԱՍՈՒԵՑԱՒ 
Շաբաթ օր Սպանիոյ եւ Զուիցերիոյ հանդիպումին, Սպանիոյ եւ Պարսելոնայի խաղացող Սերճիօ Պուսքեթս վիրաւորուեցաւ: Սպանիոյ ֆութպոլի դաշնութեան կայքին համաձայն, Պուսքեթս պիտի բացակայի դաշտերէն շուրջ երեք շաբաթ եւ այդ ընթացքին պիտի ենթարկուի բժշկական որոշ դարմանումներու: Աւելցնենք, որ սոյն հանդիպումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասար: Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս երկու առիթներով ձախողեցաւ նշանակել իրեն վստահուած տուգանային հարուածը:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան