«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան տուաւ իր հրաժարականը, անոր փոխարէն նախարար նշանակուեցաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան։
Տօնոյեան այս առիթով Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ զինեալ ուժերու ամբողջ անձնակազմին կոչ ուղղեց՝ առաջնորդուելու հայրենիքին առջեւ պատասխանատուութեան, յանուն յաղթանակի ոչինչ խնայելու սկզբունքով:
«Իմ գործունէութեան որեւէ ամփոփում տեղին չէ այսօր, որովհետեւ ակամայ այդ ամփոփումը դարձաւ Արցախեան երկրորդ պատերազմը: Բաւարարուա՞ծ եմ պատերազմի ընթացքով եւ անոր նախապատրաստական փուլին իմ աշխատանքէն: Կը կարծեմ` որոշ հայեցակարգային ուղղութիւններ վերանայման կարիք ունին, որ չհասցուցի իրագործել, եւ այս առումով ես պատրաստ եմ կրելու իմ պատասխանատուութեանս բաժինը: Բայց կը հաւաստիացնեմ, որ Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ զինեալ ուժերու ամբողջ անձնակազմը առաջնորդուած է հայրենիքի առաջ պատասխանատուութեան, յանուն յաղթանակի ոչինչ խնայելու սկզբունքով` միշտ ընելով առաւել, քան կը պահանջած է ծառայողական ու աշխատանքային պարտքը: Ես առանձնայատուկ շնորհակալութեան ու մեծարանքի խօսքեր կ’ուզում ուղղել այդ մարդոց: Մենք միասին անդուլ, յաճախ 24ժամեայ աշխատանքային օրեր անցուցած ենք ու ոչ միայն այս պատերազմի ընթացքին: Եւ ինծի համար պատիւ կը համարեմ, որ առիթ ունեցայ երկար տարիներ մէկ մասնիկը ըլլալու նախանձախոյզ այս խումբին, որ տակաւին երկար պիտի ծառայէ հայրենիքին: Համոզմունքս նոյնն է` Հայոց բանակը ուժեղ է եւ պիտի հզօրանայ աւելի: Այս պահուն պաշտօնավարումս դադրեցնելը կրկնակի դժուար է, քանզի սովորութիւն չունիմ հեշտ ու ընդունուած ճանապարհը բռնելով խուսափելու բարդ իրադրութեան մէջ յայտնուելու, եթէ նժարին պետութեան ու ժողովուրդին ծառայել-չծառայելն է դրուած: Նոյն սկզբունքով առաջնորդուած եմ նաեւ 2018 թուականի գարնան: Բայց ստեղծուած իրավիճակը կարիք ունի լիցքաթափման: Եւ կ’ուզեմ, որ իմ հեռանալս ընակալուի այդ տրամաբանութեան մէջ», յայտնեց Տօնոյեան:
Արտակարգ Իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան եւս հրաժարեցաւ եւ անոր փոխարէն նշանակուեցաւ Անդրանիկ Փիլոյեան:
Իր պաշտօնէն հրաժարեցաւ նաեւ  Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։
«Ես դուստրն եմ ազատամարտիկ Շահէն Ստեփանեանի, որ Արցախեան առաջին պատերազմին մարտնչեց հարաւային ամբողղջ ճակատին մէջ եւ զոհուեցաւ ազատագրուած Ֆիզուլիի մէջ: Ծնած եմ Հադրութ քաղաքի մէջ` իմ վերաբերմունքս այս պատերազմին եղած է նաեւ խիստ անձնական: Եւ պատերազմի ելքը ընդունած եմ ոչ միայն որպէս պաշտպանական գերատեսչութեան ներկայացուցիչ, այլ որպէս անձնական կորուստ», կը գրէ Ստեփանեան:

Ան կը յայտնէ, որ հայրենիքի համար այս դժուար փուլին, աւելի քան կարիք կայ պաշտօնեաներու, որոնք զգացական որոշումներ չեն տար, մասնագիտօրէն կը նային երեւոյթներուն եւ կ՛աշխատին ամբողջ ներուժով՝ աւելցնելով. «Մէկ բան, որ այս պահուն չյաջողեցայ: Երախտապարտ եմ այս ծանր օրերուն կողքիս ըլլալուն եւ աջակցելուն համար: Փորձած ենք առաջնորդուիլ տեղեկատուական պայքարի օրէնքներով, մատուցել այնպիսի տեղեկատուութիւն, որ գրուած ու չգրուած կանոններով պէտք է տալ պատերազմող երկրի հասարակութեան: Եթէ ինչ-որ բան ինծի, այնուամենայնիւ, յաջողած է, ձեզ կը համարեմ իմ գլխաւոր դրդող ուժը, որուն համար շնորհակալ եմ : Հայոց բանակը տակաւին պիտի ըլլայ համազգային յաղթանակներու դրօշակակիր: Սուգը յաւերժ է, եթէ չկայ պայքար. միմիայն այդ պարագային»։