«Արմէնփրէս».- Ռուսիա կատարած է միայն միջնորդի դեր Լեռնային Ղարաբաղի համաձայնութեան կնքման ընթացքին եւ ստանձնած է կողմերու խաղաղ տարանջատման պարտաւորութիւնները, յայտարարած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Ռուսիա կը կատարէր միայն միջնորդի դերը եւ այդ փաստաթուղթով ստանձնեց կողմերու խաղաղ տարանջատումը իրականացնելու պարտականութիւններ, որ մենք ներկայիս կ’ընենք»,-«Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի եթերով յայտարարած է Փութին:
Ան ընդգծած է, որ համաձայնութեան հեղինակներն են երեք կողմերը ` Ռուսիան, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը:
«Բուն բնաբանին պարագային,մենք կատարեցինք երեքով ` ես, բնականաբար, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Այլ ձեւով կարելի չէր, որովհետեւ, ըստ էութեան, երկու կողմերու միջեւ համաձայնութիւն էր», յստակացուցած է ՌԴ նախագահը:
Փութին աւելցուցած է, որ փաստաթուղթի համաձայնեցումը , բարդ, սպառիչ գործընթաց էր բոլոր կողմերուն համար: «Ըստ էութեան, ես ստիպուած էի ստանձնել միջնորդի դերը, լսել անոնց պահանջները, դժգոհութիւնները բնաբանի մասին», ըսած է ՌԴ նախագահը: