«Արմէնփրէս».- Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ հայոց արեւմտեան թեմ Առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան տեղեկացուցած է, որ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան յաջող վիրահատութեան ենթարկուած է Լոս Անճըլըսի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
ԱՄՆ հայոց արեւմտեան թեմի էջի գրառման մէջ նաեւ նշուած է. «Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ հայոց արեւմտեան թեմ Առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ հաւատացեալները կ’աղօթեն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեն Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին»: