«Մահ ոչ իմացեալ մահ է։
Մահ իմացեալ անմահութիւն է» :
Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։ Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան։ Ներկայ էին ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, արցախեան պատերազմի նահատակ Մովսէս Սեքլէմեանի հարազատները եւ հոծ բազմութիւն մը։ Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախի պատերազմին նահատակներուն եւ սուրիահայ երեք հերոսներու՝ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Աստարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի յիշատակին։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ նահատակ հերոսներու անձնազոհութեան վեհ գաղափարին եւ վեհանձն առաքելութեան՝ ի խնդիր հայրենիքի ազատագրական պայքարին։ Սուրիահայ երեք նահատակներու գաղափարակից ընկերներուն խօսքը արտասանեց Աբիկ Քեհեայեան, որ ըսաւ. «Յարութին, Յակոբին ու Մոսիկին դէմքերը պիտի դրոշմուին մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ եւ իրենց անունները ոսկեայ տառերով պիտի գրուին հայոց նորօրեայ պատմութեան էջերուն մէջ։ Սուրիական պատերազմի առաջին օրէն իսկ անոնք ժողովուրդին ապահովութեան համար տիւ եւ գիշեր հսկեցին հայաշատ թաղամասերուն, Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ ալ գտնուեցան երբ որեւէ վտանգ կը սպառնար հայ ժողովուրդի ապահովութեան։ 5 Նոյեմբերին զոհուեցան Արցախի սուրբ հողին վրայ, իրենց նահատակութեամբ պատգամ փոխանցելով հայ երիտասարդութեան, որ թշնամին կրնայ յառաջ անցնիլ միայն մեր դիակներուն վրայով եւ արդարութիւնը կրնանք նուաճել յարատեւ պայքարով եւ աննկուն կամքով։ խունկ ու մոմ իրենց յիշատակին։ Պայքարը կը շարունակուի մինչեւ վերջնական, արդար հատուցում»։
Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբը, քահանայ հայրը, ազգայիններն ու նահատակ Մովսէս Սեքլէմեանի հարազատները ցաւակցութիւններ ընդունեցին առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն