Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց բանաձեւ մը, որմով կառավարութեան կ’առաջարկէ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:
Քուէարկութեան մասնակցած է 306 ծերակուտական: 305 ծերակուտաական կողմ քուէարկած է բանաձեւին, մէկը` դէմ: Քուէարկութեան արդիւնքները ընդունուած են ծափահարութեամբ:
Այսպիսով Ծերակոյտը Ֆրանսայի կառավարութեան կոչ կ’ուղղէ ճանչնալու Արցախը: Բանաձեւին հեղինակները երկրի կառավարութեան կ’առաջարկեն լայնածաւալ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել ԼՂ-ի քաղաքացիական բնակչութեան` պահանջելով բանալ մարդասիրական միջանցքներ, Մինսքի խումբի ջանքերով աջակցիլ բնակչութեան պաշտպանութեան անյապաղ իրականացման` Մինսքի խումբին հովանիին ներքեւ սահմանազատման միջազգային ուժեր տեղակայելու ճամբով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ռազմական յանցագործութիւններու հետաքննութիւն իրականացնել, ի գործ դնել կարելի ամէն ջանք` երկարաժամկէտ կարգաւորման բանակցութիւններ ապահովելու նպատակով, որ թոյլ կու տայ նաեւ վերադառնալ 1994-ի սահմաններուն, ինչպէս նաեւ ապահովել հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը, տեղահանուածներուն վերադարձը եւ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանութիւնը:
Ի վերջոյ, ծերակուտականները կառավարութեան կոչ կ’ուղղեն ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ու այդ ճանաչումը դարձնելու բանակցային գործիք՝ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար:
Նշենք, որ այս բանաձեւը կառավարութեան կողմէն պարտադիր կատարման ենթակայ չէ: Դեկտեմբերին բանաձեւը քուէարկութեան կը դրուի Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ: