Տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Երեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2020-ին երեկոյեան ժամը 23։50-ին, Իսրայէլ Կոլանէն օդային յարձակում գործեց Դամասկոսի եւ Քունէյթիրայի հարաւային բաժինին մէջ գտնուող Ռուէհնա քաղաքին ուղղութեամբ։ Յարձակումին հետեւանքով արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։ Ետքը, Իսրայէլ օդային յարձակում մը եւս գործեց Դամասկոսի հարաւային Քսուէ քաղաքին մէջ գտնուող «Ճապալ Մանէհ» շրջանին վրայ, ուր կը գտնուին զինուորական կեդրոններ։ Յարձակումին հետեւանքով արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։ Յիշենք, որ Իսրայէլ այս վերջին յարձակումով 2020-ի սկիզբէն 36 յարձակումներ իրագործած կ’ըլլայ Սուրիոյ վրայ։