ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Սիրելի հայրենակիցներ,
24 Նոյեմբերին, Հանրապետութեան հրապարակին մէջ, ՀՀ Կառավարութեան շէնքին դիմաց միացայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը պահանջող հացադուլաւորներու հանրային գործողութեան, պահանջելով ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութենէն յարուցել քրէական գործ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ՀՀ Սահմանադրական կարգը տապալելու փաստով:
Անցնող 6 օրերուն հազարաւոր քաղաքացիներ, հասարակական, հանրային, քաղաքական գործիչներ իրենց այցելութեամբ, հանդիպումներով, հրապարակային յայտարարութիւններով իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին յիշեալ պահանջներուն, միաժամանակ յորդորելով, հրաժարիլ հացադուլը շարունակելու ծայրայեղ միջոցէն, առաջարկելով այդ պայքարը շարունակել այլ եղանակներով:
Կ’ուզեմ շեշտել, որ անցած եմ յիշեալ քայլին, պաշտպանելու մեր ժողովուրդի տասնեակ հազարաւոր զաւակներու, իմ, զինակից ընկերներուս երեք տասնամեակ տեւած պայքարի, զոհաբերութեան, նահատակութեան արդիւնքներն ու յաղթանակները:
Մեր ժողովուրդին համար, նուիրական պայքարի հետեւանքով մենք ձեռք բերած էինք մեծագոյն յաղթանակ, անկախ հայրենիք, հպարտութիւն, որ անթոյլատրելի է, որ սխալ, ձախող քաղաքականութեան, ՀՀ Սահմանադրական կարգը տապալելու յանցաւոր գործողութիւններու հետեւանքով դարձնենք առ ոչինչ:
Կը հաստատեմ, որ
• Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տապալած է երկրի կառավարման գործընթացը, որուն հետեւանքը ներկայիս ողբերգական պարտութիւնն է:
• Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տապալած է ՀՀ Սահմանադրական կարգը իր հակասահմանադրական գործողութիւններով, որուն վերջին քայլը ՀՀ Վարչապետի, ՌԴ եւ ԱՀ նախագահների միատեղ յայտարարութեան ստորագրումն էր, առանց Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան ատեաններու, ՀՀ ԱԺ եւ ՍԴ կարծիքը լսելու:
• Այս ամէնուն պէտք է տրուի իրաւական գնահատական, որուն համար կենսական անհրաժեշտութիւն է ձեւաւորել փաստահաւաք խումբ, բոլոր փաստական տուեալները հաւաքագրելու, ամբողջականացնելու ու համապարփակ եզրակացութիւն պատրաստելու համար:
• Հարկ է դիմել ՀՀ Սահմանադրական դատարան, չեղարկելու երեք երկիրներու ներկայացուցիչներուն միատեղ յայտարարութիւնը, բացառութեամբ զինադադար յայտարարելու կէտին, քանի որ անոր գործարկումը կը հակասէ ՀՀ Սահմանադրութեան, օրէնսդրական անձնակազմին, երբ առանց վաւերացումներու ստոագրուած է միջազգային համաձայնագիր:
• Հակառակ հայկական կողմին, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, Ատրպէյճանը, անգամ այս յայտարարութեան կողմ չհանդիսացող Թուրքիան կազմակերպած են ներքին օրէնսդրական վաւերացումներու ամբողջական գործընթաց:
• Այս ամէնուն կազմակերպումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, օրէնքներուն համապատասխան քրէադատավարական գնահատական տալը կը պահանջէ երկարատեւ ու համապարփակ աշխատանք, որուն կազմակերպման եւ կեանքի կոչելու համար պատրաստ եմ ներդնել ողջ մասնագիտական ներուժս, յանուն իմ երեսունամեայ պայքարի արդիւնքներու պաշտպանութեան:
Միաժամանակ, այս ամէնը լիարժէք իրականացնելու համար, ինչպէս նաեւ նկատի առնելով
• ՆՍՕՏՏ Գարգեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական յորդորը
• Մեր հարիւրաւոր հայրենակիցներու, հացադուլին մասնակից ընկերներուս տեւական կոչերը
• Հասարակական, լրագրողական կազմակերպութիւններու, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու˒ ՀՀ ԱԺ ընդդիմադիր պատգամաւորներու˒ Հայաստանի իրաւաբանական ընտանիքի բազում անդամներու˒ ՀՀ Սահմանադրական Դատարանի անդամ նախկին գործընկերներու դիմումները
• Արցախեան ազատամարտի ռազմա-քաղաքական պայքարի բազում զինակիցներուս դիմումները
• Արդէն տեւական ժամանակ իմ բուժումը իրականացնող հեղինակաւոր բժշկական խորհուրդի եզրակացութիւնը
Կը դադրեցնեմ հացադուլը, բայց աներեր շարունակելով պայքարս, յանուն Արցախի Հանրապետութեան, անոր տարածքային ամբողջականութեան, մեր երեսնամեայ մաքառումներուն, յաջողութիւններուն եւ արդիւնքներուն պաշտպանութեան:
Վստահ եմ, որ մենք պիտի հասնինք արդիւնքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պիտի յաղթանակէ օրէնքը եւ ՀՀ գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի կրէ ամբողջական պատասխանատուութիւն, երկրի մէջ Սահմանադրական կարգը տապալելու, մեր յաղթանակներուն արդիւնքները փոշիացնելու, մեր հազարաւոր երիտասարդներու նահատակութեան, գերեվարման եւ այս վիճակին համար:
Կրկին կոչ կ’ուղղեմ Նիկոլ Փաշինեանին ժամ առաջ հրաժարական տալու, որովհետեւ իր պաշտօնավարման ամէն րոպէն կը դժուարեցնէ հետագայ բանակցութիւններուն գործընթացը եւ կը յանգեցնէ դաւաճանական գործունէութեան:
ԿԻՄ ԲԱԼԱՅԵԱՆ
ՀՀ Սահմանադրական Դատարանի նախկին անդամ
ՀՀ ԳԽ եւ ԱԺ նախկին պատգամաւոր
ՀՀ ԳԽ Նախագահութեան անդամ, իրաւական յանձնաժողովի նախագահ
Երեւան
29.11.2020