Սով, ցուրտ, ֆիզիքական որեւէ զգացողութիւն չկայ, այս ամբողջ 8 օրը միայն հոգեբանական լարուածութիւն է` Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան, որ կառավարութեան շէնքին առջեւ հացադուլ կը կատարէ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով:

«Ահաւոր է, առտուընէ գիշեր այստեղ կը տեսնես անհետ կորածներու անօգնական ծնողներ,կը տեսնես կառավարութեան կողմռ խուսանաւումներ, ձեւական ժողովներ, խորհրդակցութիւններ: Այս օրերուն նաեւ գերի ինկած մեր տղաներու ծնողներէն կը տեսնես շատերը, որ ելք չեն տեսներ, իրենց յստակ որեւէ ժամկէտ, որեւէ գործողութիւն չըսուիր եւ ցաւալի է», ըսաւԳեղամ Մանուկեան:

Նիկոլ Փաշինեանի շահարկումը, թէ` գերիներու, անհետ կորածներու եւ պատսպարուածներու հարցին լուծումը կ՛արագնայ, եթէ բոլորը հասկնան, որ այս հարցին շուրջ ներքին բախումներ պիտի չըլլան, Գեղամ Մանուկեանը սուտ կը համարէ, քանի որ այդ տղաներուն ճակատագրի հարցը ան կրնայ լուծել այդ ստորագրուած չարաբաստիկ փաստաթուղթին մէջ մէկ կէտ եւս աւելացնելով` անոնց անյապաղ վերադարձին մասին:

«Նիկոլ Փաշինեան արդէն դարձած է չարիք այդ առումով, որովհետեւ ամէն բանի մէջ մեղաւոր կը համարէ բոլորը, երէկ ալ հասաւ մինչեւ Ռուսիոյ նախագահին: Այս մարդը չի կրնար կառավարել պետութիւն` իր երկուսուկէս տարուան ընթացքին փլուզած պետական համակարգին մէջ չի կրնար որեւէ գործողութիւն իրականացնել որեւէ ոլորտի մէջ` սկսեալ անհետ կորածներէն, գերիներէն, ընկերային, տնտեսական, այդ առումով ուղղակի փրփուրներէն կախուած բոլորին մեղաւոր կը համարէ», ըսաւ Մանուկեան:

Մինչդեռ իրենց հացադուլը ոչ թէ կը խոչընդոտէ գերիներու վերադարձը, այլ կը նպաստէ, որ երկրին մէջ ըլլայ իրեն տէր համարող, ամէն ինչով անհանգստացող, մտահոգ, գործողութիւններուն տիրապետող ղեկավար, որովհետեւ պարտուած,ամէն ինչը յանձնած, մինչեւ այս պահը ամէն ինչը յանձնող ղեկավարը չի կրնար գերիներ վերադարձնել:

Աննա Պալեան

Ամբողջական հարցազրոյցը` տեսանիւթով․