Երեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց Պասսամ Սապպաղ Քիմիական Զէնքերու Կանխարգիլման համաձայնութեան մասնակցող պետութիւններուն 25-րդ շրջանի խորհրդաժողովին ընթացքին վերահաստատեց, որ Սուրիան քիմիական զէնքերու կանխարգիլման համաձայնութիւնը յարգած է:
Սապպաղ յայտնեց, որ 2013-էն ի վեր, Սուրիան իր մօտ գտնուող քիմիական զէնքերն ու արդիւնաբերող հաստատութիւնները ամբողջովին ոչնչացուցած է, սակայն ԱՄՆ-ի եւ այլ պետութիւններու մօտ մինչեւ օրս քիմիական զէնքեր կը գտնուին:
Սապպաղ կոչ ուղղեց կազմակերպութեան՝ ճիգերը բազմացնելու եւ Իսրայէլը համաձայնութեան մէջ ներառելու, յայտնելով, որ Սուրիան աջակից է Միջին Արեւելքը քիմիական կամ զանգուածային ոչնչացման զէնքերէ զերծ պահելու, սակայն տարածաշրջանի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը չեն վերականգիր եթէ Իսրայէլ քիմիական զէնքերու կանխարգիլման համաձայնութիւնը չգործադրէ: Ան շեշտեց, որ Սուրիան բոլորովին կը մերժէ քիմիական զէնքերու օգտագործումը որեւէ նպատակի համար:
Սապպաղ վերստին յայտնեց Սուրիոյ կեցուածքը քիմիական զէնքերու օգտագործման շուրջ փաստահաւաքի Յանձնախումբի զեկոյց ին նկատմամբ, զայն անիրաւ եւ անօրէն նկատելով: Ան շեշտեց, որ յանձնախումբը միշտ սխալ եւ անհիմն եզրակացութիւններու կը յանգի, անոր նպատակն է իրողութիւնները աղաւաղել եւ սուրիական բանակը ամբաստանել՝ յայտարարելով, որ ան քիմիական թունաւոր նիւթեր կ’օգտագործէ բնակիչներուն դէմ, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ 2017-ին Լաթամնէ քաղաքին մէջ: