Երկուշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցան Սուրիոյ սահմանադրութիւնը քննարկող ընդլայնուած յանձնախումբէն յառաջացած փոքրացուած յանձնախումբի չորրորդ շրջանի խորհրդաժողովները:
Նախօրօք, Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն բանագնաց Կիր Պետըրսըն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած էր, որ խորհրդաժողովներուն մասնկացող պետութիւններուն եւ Զուիցերիոյ իշխանութեան հետ հանդիպիւմներ ունենալէ ետք, այսօր կարելի է ժողովը սկսիլ:
Յիշենք, որ խորհրդաժողովներու երրորդ շրջանը տեղի ունեցաւ անցեալ Օգոստոս ամսուան աւարտին «Ազգային Հիմնական Սկզբունքներ» խորագիրով, իսկ առաջին եւ երկրորդ շրջանները տեղի ունեցան 2019-ի Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին: