«Արմէնփրէս».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան 30 Նոյեմբերին ընդունած է Հայաստանի ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրեյսին:
Դեսպան Թրեյսին շնորհաւորած է Վաղարշակ Յարութիւնեանը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելու առիթով եւ մաղթած է յաջողութիւններ:
ԱՄՆ դեսպանին խնդրանքով պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է ռազմական գործողութիւններու դադարէն վերջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: Որպէս առաջնահերթութիւն, առանձնացուած է գերիներու վերադարձման, անյայտ կորածներուն յայտնաբերման եւ զոհուածներու դիերու փոխանակման հարցը, նշուած ուղղութիւններով Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի, Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ Արցախի մէջ տեղակայուած ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան հետ իրականացուող ներգործող աշխատանքները:
Պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուցած է նաեւ, որ ընթացքի մէջ է նաեւ ռազմական գործողութիւններու վերլուծութիւնը եւ բացթողումներու գնահատումը, որոնք կրնան յանգեցնել որոշումներու կայացման ընթացակարգերու, մարտավարութեան, նաեւ օրէնսդրական փոփոխութիւններու:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ պաշտպանութեան բնագաւաոի մէջ հայ-ամերիկեան գործակցութեան նոր ընթացք հաղորդելու կարելիութիւնները: Կողմերը համաձայնած են, որ լրացուցիչ քննարկումներու հետեւանքով նախաձեռնել գործակցութեան ձեւաչափ` կողմերու առաջնահերթ շահերէն եւ հետաքրքրութիւններէն բխող ոլորտներու եւ ուղղութիւններու մէջ: