«Երկիր».-Նուպար Աֆէեանին պատկանող` ամերիկեան  Moderna ընկերութիւնը յայտնած է Covid-19-ի դէմ իր մշակած պատուաստանիւթին 94,1 տոկոս արդիւնաւէտութիւնը:
Ընկերութիւնը յայտնած է նաեւ, որ պիտի դիմէ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ կարգաւորող մարմիններուն` պսակաձեւ ժահրի իր պատուաստանիւթը հաստատելու համար: Moderna- ն շտապ դիմում պիտի ներկայացնէ ԱՄՆ Սննդամթերքի եւ Դեղերու Վարչութեան, նաեւ շուկայի թոյլտուութեան դիմում` Եւրոպական բժշկական գործակալութեան: