Պատերազմի առաջին իսկ օրէն ՀՅ Դաշնակցութեան գումարտակը յայտարարելով իշխանութեան կողքին լինելու իր պատրաստակամութիւնը եւ համահայկական շահերու պաշտպանութեան յանձնառութիւնը, հարիւրաւոր կամաւորներով անյապաղ մեկնեցաւ առաջնագիծ` պաշտպանութեան զինեալ շարքերուն միանալով: Ունեցանք 30 նահատակուած ընկերներ եւ շուրջ 40 վիրաւորներ: Անվերադարձ ու պատերազմի դաշտը ինկած մեր անփոխարինելի բազմահազար երիտասարդները զոհուեցան յանուն հայրենիքի:
Մինչ այդ, ի՞նչ էր ռազմադաշտի իրական պատկերը: Թշնամին իր զինամթերքի առաւելութեամբ եւ արդիական միջոցներով շարունակեց յառաջխաղացքը հարաւային շրջանները գրաւելով, միւս կողմէ հաստատակամ եւ նպատակասլաց մօտեցաւ Շուշիին ու Ստեփանակերտին: Մինչդեռ թշնամին օրըստօրէ աւելի յամառութեամբ կը շարունակէր իր յառաջխաղացքը` անտեսելով զինադադարի համաձայնագիրները: Մենք դեռ կը շարունակէինք «ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ» պոռալ, առանց անդրադառնալու թէ օրհասական վիճակի մէջ
գտնուելով եւ արդէն ուշացած, ժամանակն Է միասնական ուժերով եւ հայ ժողովուրդի կարողութիւնները համախմբող ռազմաքաղաքական շտապի մը միջոցով դիմագրաւելու թշնամիին յարձակումը:
Եւ ահա թէ ի՞նչ պատահեցաւ այդ խաբէութեան ու սուտին հետեւանքով: Համայն հայութիւնը յանկարծ դրուեցաւ կատարուած իրողութեան առջեւ, երբ վարչապետ Փաշինեան բացայայտեց ստորագրուած տխրահռչակ համաձայնագիրին եւ զինադադարին առնչուող բօթը: Շուտով պարզուեցաւ, որ ո՛չ ՀՀ խորհրդարանը, ո՛չ ՀՀ Նախագահը եւ ոչ ալ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը տեղեակ էին հայ ազգին համար ճակատագրական իմաստ ու նշնակութիւն ունեցող յիշեալ համաձայնագիրէն, որմով անցնող 30 տարիներու ընթացքին բազմաթիւ
զոհերու արեան գնով նուաճուած Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորող տարածքները ամբողջովին կը վերադարձուին Ատրպէյճանին: Աւելին եւ աներեւակայելին այն էր, որ թղթածրարի պայմաններէն մէկը՝ Նախիջեւանը եւ Ատրպէյճանը միացնող ճամբուն տրամադրումն է Հայաստանի վրայով՝ Լաչինի անցքին փոխարէն:
Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններուն և բովանդակ հայ ազգի ապագային առումով ռազմավարական կարևորութիւն ունեցող ներկայ կացութիւնը եւ յիշեալ համաձայնագիրը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ յառաջացուցած է ամբողջական ընդվզում եւ զայրոյթ: 17 կուակցութիւնները հաւաքաբար իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելով պահանջեցին վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը:
Մեղադրանքին հոսքը կասեցնելու նպատակով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ իր բռնատիրական միջոցներու գործածութեամբ ձերբակալել կուսակցական ղեկավարներ և ազգային գործիչներ: Կարծես թէ վարչապետը ամբողջովին անկարող է գնահատելու հայ ազգին հաւաքական ուժին իմաստն ու արժէքը:
Ժամն է Փաշինեանի հրաժարականին:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Անգլիոյ Շրջան