2 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ՀՅԴ Երիտասարդներուն նախաձեռնութեամբ, Արամ Խաչատուրեանի արձանին քովէն մեկնարկը կատարուեցաւ «Արժանապատուութեան երթ»` Փաշինեանի հրաժարականի պահանջքով:
Նախքան երթին մեկնարկը ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամ Գոռ Սարգսեան` կոչ ուղղելով հասարակութեան միանալու Փաշինեանի հրաժարականի պահանջքին:

«Ես կոչ կ’ուղղեմ հասարակութեան, իմ հասակակիցներուն, որ պայքարինք ազատ , անկախ ու միացեալ Հայաստանի համար: Այսօր իշխանութիւնը տարբեր սուտեր կը տարածէ, կրկին կը խաբէ, մենք յայտարարած ենք, որ մենք ետ կանգնող չենք, հասարակութիւնը չէ հաշտուած, մեր սերունդը ներդրում պիտի ունենայ մեր պետականաութեան գործին, պիտի ունենանք հզօր Հայաստան, ազգային պետութիւն, այստեղէն, վաղուընէ, միւս օրուընէ, յաջորդ օրուընէ Նիկոլ Փաշինեանին ու իր խումբին պիտի հեռացնենք իշխանութենէն», ըսաւ ան:
Վանկարկելով «Նիկո՛լ, դաւաճան»՛, «Նիկո՛լ, հեռացիր» երթի մասնակիցները անցան կառավարութեան շէնք:
Հանրապետութեան հրապարակին մէջ երթի կազմակերպիչները ներկայացուցին յառաջիկայ օրերուլ իրենց ընելիքները եւ ՀՀ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին 3 Դեկտեմբերին Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ իրականացնելու անհնազանդութեան գործողութիւններ` փակելով փողոցները:
Իրազեկեցին նաեւ 5 Դեկտեմբերին Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին մասին:
Երթի աւարտին Հանրապետութեան հրապարակի լայնքին ծածանեցաւ ՀՀ եռագոյն հսկայ դրօշը: Դրօշը պահելու հրաւիրուեցին նաեւ ոստիկաններ, որոնք սակայն հրաժարեցան եւ խոչընդոտեցին երթի միւս մասնակիցներուն մօտենալ եւ ծածանել եռագոյնը: Վայրկեաններ անց, բանակցութիւններէն վերջ , ոստիկանները ապահովեցին քաղաքացիներուն անվտանգ անցումը դէպի հրապարակի կեդրոն, ուր անոնք երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը: