«Երկիր».-Ամերիկացի ծերակուտականններ Ռոպերթ Մենենտես եւ Ռոպ Փորթման, միատեղ յայտարարութեամբ, կոչ ուղղած են Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնաժողովին օգնութիւն տրամադրելու մարդասիրական ճգնաժամէն տուժած Լեռնային Ղարաբաղին:
«Հարաւային Կովկասի մէջ մարդասիրական իրավիճակը սարսափելի է եւ ձմրան աւելի կը վատթարանայ», յայտնած են ծերակուտականները:
Մենենտեսն ու Փորթման խնդրած են նաեւ միջոցներ յատկացնել` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման եւ չպայթած զինամթերքի վնասազերծման աշխատանքներուն համար:
«Միացեալ Նահանգները պէտք է շարունակէ իր հին աւանդոյթը` մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել անոնց, որոնք ամենաշատը ունին անոր կարիքը, ինչպէս հազարաւոր էթնիկ հայեր, որոնք ստիպուեր են լքել իրենց տունը կամ այլ կերպ տուժած են բռնութենէն», ընդգծած են ծերակուտականնները: