1930-ին, Նոր Գիւղի հայահոծ թաղամասի սրտին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ մեր ժողովուրդի զաւակները սուրիական օրհնեալ հողին վրայ հիմը դրին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ պատմական եկեղեցւոյ, նախաձեռնութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ օրուան Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Սահակ Բ. Խապայեանի: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հալէպահայութեան համար սովորական եկեղեցի մը չեղաւ, այլ այն ազգաշունչ եւ կրօնաբոյր ապաստանարանը, ուր պահպանուեցան մեր հոգեւոր-ազգային արժէքները եւ 90 տարի շարունակ կտակը փոխանցուեցաւ իրարայաջորդ սերունդներուն:
Արդարեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն տիար Յակոբ Քիլէճեանի, Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Ճորճ Շահինեանի, Կրօնական Ժողովի, ազգային մարմիններու եւ հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան:
Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով, եկեղեցւոյ դպրաց դասի «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի:
Եպիսկոպոսական պատարագի առընթերականերն էին Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան եւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան: Եկեղեցւոյ դպրաց դասը, դպրապետ բարշ. Գօգօ սրկ. Տէր Վարդանեանի առաջնորդութեամբ հոգեպարար կերպով պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց: Հաւատացեալները, պատարագի հարուստ շարականներուն եւ եկեղեցւոյ աղօթաբոյր մթնոլորտին ընդմէջէն լիցքաւորուեցան աստուածային ճշմարտութիւններով:
Օրուան պատգամը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով սաղմոսագիրքի 118[117]-րդ գլխու 24-րդ համարը. «Այսօր է, որ Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, եկէ՛ք ցնծանք եւ ուրախանանք»: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ քրիստոնեայ հաւատացեալը ամէն օր պէտք է երախտագիտութեամբ յիշէ Աստուծոյ մեզի պարգեւած բարիքները եւ անոնցմով լուսաւորէ եւ ծաղկազարդէ իր կեանքը՝ ստեղծագործելով, Աստուծոյ մեզի տուած կեանքը արժեւորելով եւ բարիքները տարածելով:
Մատնանշելով Սուրբ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն տօնը, Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պատմական եւ կրօնաբոյր տօնախմբութեամբ կը յիշէ Քրիստոսի 12 աշակերտներէն երկուքին՝ հիմնադիր առաքեալներուն Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի Հայաստան այցելութեան, քարոզութեան եւ նահատակութեան օրը: Այսօր կը յիշենք պատմական մեծ իրադարձութիւն մը, որովհետեւ երկու առաքեալները հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի կոչին եւ պատուիրաններուն՝ գացին Հայաստան եւ Քրիստոսի Աւետարանն ու յաւիտենականութեան լոյսը բաշխեցին հեթանոս հայ ժողովուրդին»: Աւելցնելով ըսաւ. «Անոնք Հայաստանի մէջ կատարելով իրենց վստահուած պարտականութիւնը՝ հայուն շունչին մէջ փչեցին Աստուծոյ շունչը, հայ ժողովուրդին փոխանցեցին Քրիստոսի ոգին եւ մինչեւ 301 թուական այս եկեղեցւոյ համանուն սուրբի՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրական առաքելութեամբ, հայ ժողովուրդը իր ամբողջականութեամբ ճանչցաւ քրիստոնէական հաւատքն ու կրօնքը»:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ այսօր կրկնակի ուրախութիւն է Բերիոյ Հայոց Թեմի եւ մանաւանդ Նոր Գիւղի հաւատացեալ ժողովուրդին համար, որովհետեւ պատմական այս եկեղեցին բոլորեց իր հիմնադրութեան 90-ամեակը: «Ամբողջ 90 տարիներ այս եկեղեցին պահեց հաւատարմութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ, հիմնադրութենէն մինչեւ օծում եւ օծումէն մինչեւ օրս այս եկեղեցին ծաղկեցաւ շնորհիւ ժողովուրդի հաւատքին, աղօթքներուն եւ անոր օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ մատուցուած սրբազան արարողութիւններուն ու պատարագներուն», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
Մասիս եպիսկոպոս փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, նոյնիսկ պատերազմի տարիներուն ի գին ամէն զոհողութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ժայռի նման կանգուն մնաց եւ իր դռները բաց պահեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ: Ան մաղթեց, որ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակը առիթ մը հանդիսանայ մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ նոյն հաւատարմութեամբ շարունակելու Քրիստոսի եւ անոր առաքեալներուն մեզի վստահած քրիստոնէական եւ ազգային նուիրական առաքելութիւնը:
Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց ներկաներուն ո՛չ միայն պահել աւանդը եւ հպարտանալ անով, այլ առաւել ծաղկեցնել զայն, որովհետեւ այս է իւրաքանչիւր հայու մարտահրաւէրը այսօր: Ան յիշեց եկեղեցւոյ հոգեւորական եւ աշխարհական սպասաւորները եւ բարերարները, որոնք կառուցեցին նուիրական եւ պատմական այս եկեղեցին:
Պատգամի աւարտին, Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով Սրբազան Հայրը Ազգային Վարչութեան, Կրօնական Ժողովին եւ ազգային մարմիններուն անունով շնորհաւորեց շրջանի մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները, եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, քահանայ հայրերը եւ յարակից բոլոր մարմինները, որոնք նուիրումով եւ սիրով լծուած են այս եկեղեցին պայծառացնելու աշխատանքին:
Նախքան «Տէր Ողորմեայ»ի երգեցողութիւնը, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ գոյերթին:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն: «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ ընտանիքը Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս: Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան խօսք առնելով եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր օրհնաբեր գալուստին եւ հայրական հոգածութեան համար: Քահանայ Հայրը եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանը անկիւնադարձային հանգրուան մը համարեց, որովհետեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին բոլորիս համար կը շարունակէ մնալ աղօթքի տուն, մխիթարութեան, յոյսի եւ լոյսի աղբիւր:
Քահանայ Հայրը, Սրբազան Հօր արեւշատ եւ քաջառողջ տարիներ մաղթելով, բոլորին անունով անոր օրհնաբեր աջը համբուրեց:
Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամ տիար Խաժակ Տիլպէրեան եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակին ձօնուած տողեր արտասանեց:
Աւարտին, Սրբազան Հայրը Ազգային Իշխանութեան անունով կրկին անգամ գնահատեց եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, քահանայ հայրերը, տիկնաց յանձնախումբը, աղքատախնամը եւ դպրաց դասը, մաղթելով, որ միասնաբար գործի լծուելով լաւատեսութեամբ շարունակեն եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը:
Մարինա ՉիլԱբոշեան-Պօղիկեան