«Երկիր».-Ատրպէյճանական ուժերը անմարդկային վերաբերմունք ցուցաբերած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին գերեվարուած հայ գերիներուն նկատմամբ:
Human Rights Watch միջազգային կազմակերպութիւնը յայտարարած է, որ Հոկտեմբերէն սկսեալ հայ ռազմագերիները ենթարկուած են ֆիզիքական բռնութեան եւ նուաստացման, այդ գործողութիւնները նկարահանուած եւ տեսանիւթերու միջոցով լայնօրէն տարածուած են ընկերային ցանցերուն մէջ:
Իրաւապաշտպան յայտնի կազմակերպութիւնը ահազանգած է` տեսանիւթերը կը պատկերեն, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիները կ’ապտակեն, կը հարուածեն եւ կը նուաստացնեն հայ ռազմագերիներուն, ակնյայտ ճնշման եւ նուաստացման միջոցով  կը ստիպեն անոնց համբուրել Ատրպէյճանի դրօշը, գովաբանել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, հայհոյել ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ յայտարարել, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճան է:
«Տեսանիւթերու մեծ մասին մէջ առեւանգողներու դէմքերը տեսանելի են, հետեւաբար կ’ենթադրուի, որ անոնք չեն վախնար պատասխանատուութեան ենթարկուելէ: Ռազմագերիներուն նկատմամբ բռնի եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքը չի կրնար արդարացուիլ: Մարդասիրական իրաւունքի յարգումը ռազմագերիներուն պաշտպանելու պարտաւորութիւն կ’ենթադրէ: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ վերջ տան նման վերաբերմունքին», ըսած է Human Rights Watch- ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Հիւ Ուիլեամսոն:
Ան աւելցուցած է, որ հակառակ Human Rights Watch-ի վերանայուած տեսանիւթերուն մէջ նկարահանուած որոշ ռազմագերիներ իրենց ընտանիքներուն հետ շփումներուն մէջ յայտնած են, որ իրենց լաւ կը վերաբերին, սակայն ակնյայտ է, որ անոնց անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան հարցով մտահոգուելու լուրջ հիմքեր կան:
«Միջազգային մարդասիրական իրաւունքը կամ զինեալ հակամարտութեան օրէնքը կը պահանջէ, որ զինեալ հակամարտութեան կողմերը որեւէ պարագայի մարդավարի վերաբերին ռազմագերիներուն հետ: Ժընեւի երրորդ համաձայնութիւնը կը պաշտպանէ ռազմագերիները, մասնաւորապէս, բռնութեան կամ ահաբեկման գործողութիւններէն, վիրաւորանքներէն եւ հասարակութեան հետաքրքրասիրութիւնէն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: