Հնագոյն ժամանակներէ հասած տեղեկութիւններու համաձայն, Արցախի տարածքին բարձր զարգացման հասած էր արհեստագործութիւնը: Արաբական աղբիւրներ հիացմունքով  արտայայտուած են Հայոց Արեւելեան կողմի արհեստագործութեան արտադրանքներուն մասին: «Անոնց արտադրած պաստառներու ու գորգերու, որդան կարմիրի, ծածկոցներու ու ներկերու նման ոչինչ կարելի է գտնել» գրած է  X դարու արաբ մատենագիր ալ Մաքսութասին:
Վարագոյրներ պատրաստելու արհեստով զբաղած է Յաթերգի Վախթանգ իշխանի կինը՝ Արզուխաթունը: Կիրակոս Գանձակեցի հիացումով կը նկարագրէ այդ բարեպաշտ տիկնոջ ձեռագործները ըսելով. «Զարմանալի տեսողաց, ի մազոյ այծից կակղագունաց՝ ներկեալ պէսպէս եւ զանազան, գործ քանդակերպ եւ նկարեալ պատկերօք, ճշգրտագոյն հանուածովք՝ տնօրինականօք փրկիչին եւ այլ սրբոց, որ կը հիացուցանէր զտեսողսն. Եւ որք տեսանէին, օրհնութիւն տային Աստուծոյ, որ ետ կանաց   իմաստութիւն ոստայնանկութեան եւ հանճար նկարակերութեան…..»: Պատմիչը նկատի ունի իշխանուհիին եւ անոր աղջիկներուն գործած չորս վարագոյրները, որոնք նուիրուած են Նոր Գետիկի, Հաղբատի, Մակարայ եւ Դադի վանքերուն:
Այսպէս, խորաններու վարագոյրներ եւ մանր ձեռագործներ պատրաստելը տարածուած զբաղում եղած է Արցախի մէջ: Այդ արհեստով զբաղած են ոչ միայն պարզ դասակարգի կանայք, այլ իշխանուհիներն ու անոնց ընտանիքի անդամները:
Հայ պատմիչներ բազմաթիւ վկայութիւններ արձանագրած են՝ նուրբ կտորեղէններու զարդարահիւսման, պատրաստուող գեղեցիկ զգեստներու մասին: Արցախի շնորհաշատ կանանց ձեռագործ աշխատանքները նկարագրելով Ս. Օրբէլեան գրած է. «…եւ առին զգանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ անհամարս, եւ զգոհարս ականց եւ մարգարտաց զշահաւորն բազմագին եւ ոսկեթել հանդերձից եւ թագաւորական ծիրանի,  մարգարտաձեռն պատմուճանց»:
Հայկական գորգի պատմութեան մէջ, իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն Արցախեան գորգերը: Ըստ մասնագէտներու Արցախեան գորգի  հին նմոյշները  XIII-XIV դարու կը պատկանին: Ուշագրաւ է, որ նոյնիսկ «գորգ» բառով առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք Արցախի Կապտավանք եկեղեցւոյ 1242-43 թ. վիմական արձանագրութեան մէջ:
Արցախցի կանանց կարեւորագոյն զբաղումը եղած է գորգագործութիւնը: Վարպետօրէն այստեղ գործած են գեղեցիկ գորգեր, կարպետներ, խուրջիններ, որոնք իրենց որակով, դիմացկունութեամբ լայն ճանաչում ունէին: Գորգերը թանկարժէք իրեր կը համարուէին եւ զաւակներուն կը կտակուէին որպէս ժառանգ:
Հայկական հնագոյն գորգի յիշատակութիւնը արձանագրուած է 1202 թուականին: Ան ստեղծուած է Արցախի Բանանց գիւղին մէջ (Գանձակի մօտ): Հետաքրքրական են գորգի ճարտարապետական-եռախորան յօրինուածքը եւ միաhիւսուած բուսական նախշազարդերը:
Հնագոյն  գորգերէն է նաեւ Արցախի Ղազախ գորգը, որուն վրայ պատկերուած է վիշապի եւ արծիւի պայքարի մոթիւը:
Ընդհանրապէս Արցախեան գորգերը, հակառակ իրենց տարբեր տեսակներուն, ոճական եւ պատկերային սկզբունքներուն, կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն:
XVII-XIX դարուն գերակշռող թիւ են «Արծուագորգերը», որոնք  «վիշապագորգերու» մոթիւին հետեւելով գործուած են: Արցախեան «վիշապագորգի» հիանալի նմուշ մը այժմ կը գտնուի Միւնիխի ազգագրական թանգարանին մէջ:
Առանձին խումբ կը կազմեն «Օձագորգերը», որոնց նախազարդ մակերեսի կեդրոնը, շրջանակներու մէջ մեծ մասամբ կենդանական կամ աշխարհի ծագման ու յաւերժութեան գաղափարներն արտայայտուած են: Հայութեան համար մեծ նշանակութիւն ունի «կենաց ծառը» (կեանքի ծառը) որ միշտ պատկերուած է գորգերուն վրայ, որպէս յաւերժութեան ու կեանքի նշան, որ վերածնունդի իմաստը կþընդգրկէ իր մէջ։
Արցախեան վարպետներու արուեստը՝ յատկանշուած գոյներու հարուստ մշակմամբ եւ երկրաչափական-ճարտարապետական մոթիւներու առկայութեամբ, կը ստեղծէ կոթողային տպաւորութիւն:
Արցախի հայութիւնը գորգը որպէս միայն առարկայ չէր տեսներ երբեք։ Գորգի արտադրութեան գործը բաւական լուրջ եւ արժէք ներկայացնող աշխատանք էր, իսկ իւրաքանչիւր ընտանիքի մօտ պահուած կþըլլար ընտանեկան գորգը, տան ամէնէն յարգի բաժնին մէջ։ Գորգագործութիւնը կը կատարուէր տան մէջ, ընտանիքի կին անդամներուն կողմէ (աղջիկ, տատիկ, մայրիկ) որոնց մօտ ժառանգաբար կը փոխանցուէր այս գործը։
Հետագային, ատրպէյճանցիները իմանալով այս մշակոյթի լուրջ եւ արժէքաւոր նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ նիւթական արժէքը, յատուկ մշակուած քաղաքականութեամբ՝ ընտանիքներու քովէն վերցուցին գորգերը, մէկուն դրամական գումար վճարելով, ուրիշին այլ գորգ մը տալով (որ ի հարկէ արհեստական կամ շատ աւելի նուազ արժէքի գորգ էր եւ որեւէ ձեւով չէր փոխարիներ ընտանեկան գորգը) եւ տարբեր առիթներով կարողացան ձեռք բերել Արցախի ընտանիքներուն մօտ պահուած հին ձեռագործ թանկագին գորգերը։ Այդ գորգերուն մեծամասնութիւնը կարելի է այսօր գտնել Պաքուի թանգարաններուն մէջ, որոնք կը ներկայացուին որպէս հին ազերիներու կողմէ գործուած գորգեր…
Մասնագէտներու համաձայն, աշխարհի մէջ չկայ ատրպէյճանական գորգ։ Այս մէկը շատ պարզ իրականութիւն մըն է, որ ծանօթ է պատմաբաններուն եւ գորգագործութեան դաշտի քաջատեղեակ մարդոց։
2013-էն ի վեր Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ սկսած էին գործել հայկական ձեռագործ գորգերու արտադրութեան գործարանները:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան