Հայաստանի այժմու իշխանութեան դէմ համախմբուած ընդդիմադիր ուժերը՝ կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ անոնց զօրակից կանգնող մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ուսանողներ եւ ժողովուրդի այլ ներկայացուցիչներ Շաբաթ, 5 Դեկտեմբերին կարեւոր անկիւնադարձ մը պիտի նշեն 25 օր առաջ ծայր առած բողոքի եւ ընդվզումի այն շարժումի ճամբուն, որ կ’առաջադրէ վերջակէտ դնել Նիկոլ Փաշինեանի եւ (հետզհետէ նուազող) գործակիցներու իշխանութեան, ձեռնարկել հայրենիքի փրկութեան գործնական աշխատանքներու, որոնց ճամբով, կարելի ըլլայ ո՛չ միայն նուազագոյնի իջեցնել 10 Նոյեմբերին լոյս աշխարհ եկած պարտութեան յայտարարութեան հետեւանքները, այլ նաեւ ձեռնարկել կացութիւնը բարեշրջելու ի նպաստ Հայաստանի ու Արցախի, հասնիլ հոն՝ ուր կարելիութիւն ստեղծուի, բոլոր ազդու ուժերուն հետ գործակցութեամբ եւ համախոհութեամբ, ջնջել տխրահռչակ համաձայնագիրին վնասակար տարրերը:
Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբերին, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն ու անոր կողքին համախմբուած կուսակցութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ իբրեւ փոխանցման կառավարութեան վարչապետ՝ կ’առաջադրեն Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը: Անոնք նաեւ յայտարարեցին, որ իրենց քայլերը պիտի ըլլան համաձայն Օրէնքի տրամադրութեանց, որպէսզի երկիրը (ինչպէս առաջին օրէն իսկ կը պահանջէին) ԱՆՑՆՑՈՒՄ իրականացնէ իշխանափոխութիւնը, Հայաստան-Արցախի ու հայութեան վայրաշարժը վերադառնայ բնականոն ուղիին, որմէ շեղում արձանագրուեցաւ 27 Սեպտեմբերէն ասդին:

ԹԱՓԹՓԱԾՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Այս հանգրուանին, աւելորդ է երկար խօսիլ ստորագրուած յայտարարութեան աղէտալի բնոյթին եւ նոյնքան աղէտալի հետեւանքներուն մասին, որոնք օր ըստ օրէ երեւան կու գան մեր հայրենիքի հորիզոնին վրայ:
Ո՛չ մէկ կասկած, որ յայտարարութեան միակ դրական երեսը՝ (այլապէս կանխարգիլելի) պատերազմին դադարեցումն էր, արեան բաղնիքին ու քանդումներուն կասեցումը: Ատկէ անդին, կը տարածուին ահաւոր եւ մեծ մասամբ անհարկի կորուստներու դաշտերը, որոնց ցանկագրումը կը կատարուի ամէն օր եւ նոր ամպեր ու անորոշութիւն կը տարածեն Հայաստանի ու Արցախի ապագային վերեւ:
Որքան ալ որ իշխանութիւնները փորձեն մաքրաջրել Ն. Փաշինեանի ստորագրած համաձայնութիւնը, տարակոյս չկայ, որ անիկա ո՛չ միայն ազգավնաս է ու Անիի պատմական վաճառքին հազարամեակը կը նշէ, այլ նաեւ կը մատնէ լիակատար… թափթփածութիւն, անհեռատեսութիւն եւ քաղաքական տհասութիւն: Վկայութի՞ւն կ’ուզէք. Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններ կը վերագծուին մեր կամքէն իրիողապէս անկախ, կ’ուրախանանք, որ Ղափանի օդակայանը հայերուս կը ձգուի, գերիներու փոխանակման թղթածրարը մատնուած է անորոշութեան (Հայաստանի նախագահն ու մտաւորականներ օտարներու դուռը ափ առած են), ու տակաւին… այլ անորոշութիւններ ու աննպաստ ընթացքներ: Այս բոլորին մէջ, ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Արցախի իշխանութիւնները ազդու ներկայութիւն են, սահմանադրութեան, հողային ամբողջականութեան պահպանման եւ այլ տարրական նախադրեալներու մասին խօսք չ’ըլլար:
Աւելին, իշխանութիւններուն կողմէ ուղղակի եւ անուղղակի կերպով ծախու հանուած են այն (ինքնախաբէութեան) տրամաբանութիւնները, որ «այս էր կարելին, պէտք է բաւականանանք մեզի ձգուած հողերով, Արցախի քաղաքական բեռը իջաւ մեր ուսերէն, մինչեւ իսկ հանդուրժենք՝ եթէ վաղը Հայաստանէն ալ պատառիկներ խլուին, որովհետեւ հիմա խաղաղութիւն կը տիրէ, հանգիստ ապրելու, առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման կարելիութիւններ կան…»: Փորձ կը կատարուի հանրութիւնը համոզելու, որ Ազրպէյճան եւ անոր տէրը դարձած Թուրքիան հրաժարած են Սիւնիքն ու Զանգեզուրը, ապա նաեւ ամբողջ Հայաստանը կուլ տալու իրենց մտադրութենէն, մինչդեռ անոնց խօսքն ու գործը ուրիշ բան ցոյց կու տան: Իսկ եթէ անոնց ծրագիրը իրականանայ, բնականաբար բոլոր ճամբաները կը բացուին, առեւտուրը կը զարգանայ, անարգել կրնանք հասնիլ Պաքու, Տրապիզոն եւ անդին, Հայաստանն ու Արցախը… կը հայաթափուին մրցանշային արագութեամբ: Թող անկէ ետք Դաւիթ Բէկերէն մինչեւ Սարդարապատի հերոսները, Հայաստանի հանրապետութեան արարիչներն ու վերանկախացումը կերտողները կրնան հանգիստ ննջել, որովհետեւ ո՛չ հետապնդելի քարտէս մնացած պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ Հայ Դատ՝ իր բոլոր ենթաբաժիններով…
Մեր գլխուն կախուած «Դամոկլեան Սուր»երէն մէկն ալ՝ տնտեսական անկումն է, որուն նախանշանները ի յայտ կու գան քայլ առ քայլ, ուրուագծելով ընկերային տագնապներ: Ալ ի՜նչ ըսենք Արցախէն գրաւուած հողերուն վրայ ազերիներու եւ ահաբեկիչներու բնակեցման նախաքայլերուն մասին…

ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԻԳԵՐՈՎ

Աւելի քան 40 օր, իշխանութեան ստապատիր «Կը յաղթենք, պիտի յաղթենք» քարոզչութեամբ կերակրուած հայութիւնը 10 Նոյեմբերին աչքերը բացաւ այն վիճակին մէջ, որ կը յիշեցնէ «ուեսթըրն» տիպի դասական ժապաւէնի մը հետեւեալ պատկերը. խումբ մը աւազակներ, դաւադիր գործակատարի մը ցուցմունքով, կը յարձակին ճամբորդներ ու թանկարժէք գանձանակ մը փոխադրող ձիաքարշ փոխադրակառքի մը վրայ, կառավարը եւ կողքին նստող զինեալ պահակը կը փորձեն պաշտպանուիլ, սակայն կը վիրաւորուին (կամ կը սպաննուին), սանձը կ’իյնայ վարորդին ձեռքէն, ահաբեկ դարձած ձիերը կը խոյանան յառաջ, առանց գիտնալու, թէ քիչ անդին կայ ահաւոր անդունդ մը: Կառքը եւս ծանր վնասներ կրած է, անիւները կը սպառնան տեղահան ըլլալ ու խորտակուիլ: Յանկարծ պաստառին վրայ կ’երեւի հերոսը՝ իր ասպետական զինակիցներով, կը հալածէ ու կը վանէ աւազակները, յետոյ կը հասնի սանձակոտոր ձիերուն ետեւէն, կը ցատկէ անոնցմէ մէկուն կռնակը եւ սանձերը ձեռք առնելով՝ կը յաջողի զսպել անոնց դէպի անդունդ վազքը, կը փրկէ ինչ որ մնացած է կառքէն, կը փրկէ մանաւանդ ճամբորդները:
Բնականաբար ընթերցողս պիտի ըսէ, որ Հայաստանի այսօրուան վիճակը շարժապատկեր չէ: Լիովին համաձայն ենք: Հայաստանի վիճակը մինչեւ իսկ չի նմանիր իրերայաջորդ պարտութիւններ կրող ֆութպոլի խումբի մը, որուն մարզիչ-պատասխանատուն պէտք է պաշտօնանկ ընել եւ աւելի կարող մը գործի բերել, կամ մեղադրել յարձակողական ու պաշտպանական գիծերը (նման համեմատութիւններ եղան վերջին շաբաթներուն): Երկիր կառավարելը ո՛չ շարժապատկերի կը նմանի, ո՛չ ֆութպոլի խումբի, ո՛չ իսկ միութիւն, կազմակերպութիւն, եկեղեցական համակարգ եւ նման (այլապէս կենսական) միաւորներու յանձանձումին: Երկիր մը, մանաւանդ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նման թշնամիներով պաշարուած երկիր մը կառավարել՝ կը նշանակէ ո՛չ միայն իրազեկ ըլլալ թշնամիին բացայայտ ու թաքուն (եթէ դեռ թաքուն բան մնացած է) ծրագիրներուն, կարողութիւններուն եւ դիտաւորութիւններուն, այլ նայիլ շատ աւելի հեռուները, տեսնել, թէ անոնք ինչպիսի՞ խաղաթուղթեր ունին, խաղաթուղթերէն որո՞նք իսկական են եւ որո՞նք շինծու ու դիւրաբեկ, կշռադատել զանոնք շրջապատող գործակիցներու եւ մրցակիցներու, մասնաւորաբար զանոնք չհանդուրժելու տրամադիր կողմերուն ստեղծած հորիզոնները եւ ըստ այնմ լարել մեր ներքին ու արտաքին մեքենաները:

ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՔԱՅԼԵՐ

Կը սպասուի, որ 5 Դեկտեմբերի հաւաքին, ընդդիմադիր ճակատը ներկայացնէ իր աշխատանքի ծրագիրը: Ճակատը կրկին ու կրկին յայտարարած է, որ իր նպատակը աթոռներ խլել չէ, ինչպէս կը փորձէ խեղաթիւրել իշխանութիւնը, այլ հայրենիքն ու ազգը փրկել այս կորստաբեր ընթացքէն (կասկած չկայ, որ հայրենիքի փրկութեան կառավարութեան կազմութեան պարագային, անիկա ահաւոր ու բարդ վիճակ մը պիտի ժառանգէ, շատ աւելի աղէտալի, քան ինչ որ Փաշինեան ձեռք բերաւ Ս. Սարգսեանի հեռացումով):
Առաջին մարտահրաւէրը, անշուշտ, խորհրդարանին մէջ այս ձախողած կառավարութենէն վստահութեան քուէի յետս կոչումն է: Հոն, դերակատար ըլլալու կոչուած են ո՛չ միայն Բարգաւաճ Հայաստանն ու Լուսաւոր Հայաստանը (անոնց ունեցած քուէները բաւարար չեն), այլ գիտակից մօտեցում կը սպասուի «Իմ Քայլ»ի անդամ երեսփոխաններու մէկ կարեւոր թիւէն: Լուսաւոր Հայաստան միայն կէս-բերան յարած է ընդդիմադիր ճակատին, ըսելով, որ «վարչապետի պաշտօնը թափուր մնալու պարագային, իր թեկնածուն Էտմոն Մարուքեանն է»…: «Իմ Քայլ»էն արդէն իսկ 5 երեսփոխան հրաժարած են խմբակէն եւ յայտնապէս յարած՝ ընդդիմադիրներուն, սակայն ատիկա բաւարար չէ: Այս խմբակին մեծամասնութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Փաշինեանի եւ տրամադիր չէ քուէարկելու անոր դէմ, ո՛չ ալ Փաշինեան տրամադիր է հրաժարելու: Անոր ի նպաստ դիրքաւորուած քարոզչական մեքենաները կը պաշտպանեն այն կարծիքը, թէ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը վայելէ Մինսքի խմբակին եւ այլոց զօրակցութիւնը: Յայտնապէս մոռցուած է, որ եթէ ժողովուրդին կամքը մարմնաւորող կառավարութիւն մը օրինական ճամբով հասնի իշխանութեան, միջազգային ընտանիքը բնականաբար պիտի ճանչնայ զայն (այդպէս պատահեցաւ Փաշինեանի իշխանութեան հասնելու յաջորդ օրերուն):
Կան օրինական այլ ընտրանքներ, որոնց մասին ցարդ չի խօսուիր: Սկսելու համար, չմոռնանք, որ երկիրը մատնուած է արտասովոր, Օրէնքի բազմաթիւ տրամադրութեանց անյարիր, Օրէնք ու Սահմանադրութիւն անտեսող կացութեան: Հակաօրինական եւ հակասահմանադրական են հողերու ու գերիշխանութենէ զիջումները (նշենք գոնէ Մեղրիի անցքն ու սահմաններու զեղծումը, պահ մը մոռնալով խաղաղ ցուցարարներու դէմ բռնամիջոցներու կիրարկումը): Երկիրը կը գտնուի ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ, ինչ որ կը հարկադրէ կացութենէն թելադրուած ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՔԱՅԼԵՐ: Նման կացութեան մատնուած երկիրներու մէջ, անսովոր չէ սառեցնել մինչեւ իսկ սահմանադրական եւ այլ օրէնքներ, նման արտակարգ տնօրինումներու համար գոյացնել ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ (խօսքը հակաօրինական միջոցներու կամ մինչեւ իսկ զինուորական միջամտութեան մասին չէ):
Մինչ այդ, պէտք է որդեգրել այլ արտակարգ քայլեր, որոնց, յամենայնդէպս, համաձայն պիտի չըլլայ իշխանութիւնը, կառչելով Օրէնքին այն տարրերուն, զորս պիտի փորձէ իբրեւ վահան գործածել իր գոյատեւման համար: Օրինակի համար, ստեղծուած վիճակը՝ ռազմական պարտութիւն եւ անոր պատճառները, գաղտնի համաձայնութիւն եւ անկէ ծագած անորոշութիւնները (եւ նման հրամայականներ) կը հարկադրեն, որ ԴԱՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ եւ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄՆԵՐ սկսին անյապաղ, զինուորական ու քաղաքային ատեաններու, մինչեւ իսկ սահմանադրական դատարանի ու նման ոլորտներու մէջ, ի յայտ բերելու ԲՈԼՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ, եւ ո՛չ միայն վարչապետին ու Արցախի նախագահին դերակատարութիւնը:
Պէտք չունիք երկար խօսելու, թէ ի՛նչ պէտք է ընել՝ ուժային կառոյցները հայրենիքի ամբողջութեան պահպանման առաքելութեան վերադարձնելու մասին, մանաւանդ, որ անոր հասցէին արձակուեցան անհիմն պարսաւներ:
Ցարդ անորոշ է, թէ որո՞նք մաս պիտի կազմեն առաջադրուած կառավարութեան (օրինակ, արդեօք լուսանցքներէ հեռու արդէն կազմաւորուա՞ծ է «շուք-կառավարութիւն»): Մեր միտքին մէջ ծագող հարցականները կ’երթան անձերէն անդին: Ստեղծուած վիճակը հրամայական կը դարձնէ, որ ԵՐԿՐԻՆ ԱՄԲՈՂՋ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ներգրաւուի առաջադրուած կառավարութեան մէջ: Երկիրը կը դիմագրաւէ ներքին ու արտաքին ամենալուրջ հարցեր, տագնապներ: Իւրաքանչիւր կալուածի մէջ պէտք է գործի գլուխ բերել լայն հորիզոններով, լայնածիր կապերով եւ գործին լրջախոհութեամբ, հայրենասիրութեամբ, Հայաստանի ու հայութեան շահերը պաշտպանելու ատակ ներկայացուցիչներ, մասնագէտներ: Մէկ խօսքով, նոր վարչակազմը պարտաւոր է ըլլալ հայութեան լաւագոյն ընտրանին, բոլորին լաւագոյններուն համագումարը, եւ ո՛չ թէ նկատի առնուի այս կամ այն միաւորին պատկանելիութիւնը:
Նոյնքան կարեւոր է որ իշխանութեան հասնող կազմը հրաժարի անհատաբեւեռ գործելակերպէ, այլ աշխատի փոխադարձ վստահութեամբ եւ պայմաններուն պարտադրած նորահնար դրութիւններով: Բաղդատութեան համար չենք արձանագրեր հետեւեալը. երբ Թիթօ մեռաւ 1980-ին, Եուկոսլաւիա որդեգրեց հաւաքական ղեկավարութեան դրութիւն մը, որ մօտաւորապէս տասը տարի կառավարեց անկէ ժառանգ մնացած երկիրը, ի վերջոյ տարանջատուեցաւ ծանօթ տագնապներուն հետեւանքով: Հայաստանի մէջ ներքին բաժանումներ չկան, հետեւաբար, ստիպողական վիճակէն բխող արտասովոր վարչաձեւ մը կրնայ աւելի՛ արդիւնաւոր աշխատանք կատարել՝ միաւորուած ձեռքերուն միջեւ դերերու եւ աշխատանքի արդիւնաւոր բաժանումով, եւ ո՛չ թէ փոխադարձ չէզոքացումի տրամաբանութեամբ, խորհրդայինները յիշեցնող՝ ստուերային դրութեան այլաձեւ վերարտադրութեամբ:
Աշխատանքի յառաջիկայ դաշտերը կը տարածուին բազմաթիւ գիծերու վրայ, բոլորն ալ առաջնային եւ նոյնքան կարեւոր: Անկախ ներքին հրատապ հարցերէն, կան շրջանային եւ միջազգային հորիզոններու պեղման հրամայականները: Ճիշդ է, որ ստորագրուած յայտարարութիւնը սեղմ կապանքներ կը դնէ թէ՛ ներկայի եւ թէ առաջադրուած իշխանութեան ձեռքերուն, չափազանց սահմանափակ կը դարձնէ խուսանաւելու անոր կարելիութիւնները, սակայն պէտք է գտնել յառաջ շարժելու բանալիներ, հասնելու համար անընդունելի կէտերուն չեղարկման: Երեւցողներէն կարելի է արձանագրել հետեւեալները. Ազրպէյճան (եւ անոր կողքին կանգնող Թուրքիա) ոտնակոխ ըրած են յայտարարութեան ռազմագերիներու վերաբերող կէտը, ո՛չ միայն ահաբեկիչները չեն հեռացներ պատերազմի գօտիէն, այլ անոնց ընտանիքներն ալ Սուրիայէն կը փոխադրեն Արցախ:
Ո՞վ կ’ըսէ, թէ յայտարարութեան «միջնորդը»՝ Ռուսիա, լիովին բաւարարուած է ստեղծուած պատկերով: Եթէ այսօր կը թուի, թէ Ռուսիա իր անմիջական կարգ մը դիտաւորութիւնները իրականացուցած է (այլ հարց, թէ հայկական կողմը ինչո՞ւ չյաջողեցաւ իր շահերը աւելի լաւ պայմաններով համակարգել Ռուսիոյ հետ), ան վաղը կրնայ նոյնքան հաշտ աչքով չդիտել Ազրպէյճանի մէջ թրքական զօրակայանի մը հաստատումը, Արցախէն ներս թափանցելու անոր ծրագիրները, մանաւանդ եթէ Թուրքիա շարունակէ նոր առաքելութիւններ սահմանել ահաբեկչական խմբաւորումներուն (ինչպէս որ կ’ընէ այլուր եւ արդէն կը ստանայ հակահարուած, ռուսականէն անդին տարածուող հակազդեցութիւն): Ինչո՞ւ անտեսել Իրանի գործօնը, երբ ան ալ հարուած կը կրէ ահաբեկչական ձեռքերէ: Իսկ եւրոպական երկիրներու մէջ թրքաբարոյ արարքներու դէմ ծաւալող դժգոհութի՞ւնը…
Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ ծերակոյտին կողմէ Արցախի ճանաչման բանաձեւերը այսօր միայն խորհրդանշական քայլեր են, այսօր կը թուին անատամ գործիքներ, մինչդեռ կարելի է այս ու նման քայլեր վերածել փոքր ու մեծ յենարաններու, մանաւանդ երբ մեր դիմաց կը կանգնի Արցախի սահմանները վերականգնելու եւ շրջանին հայութեան պատկանելիութիւնը վերջնականապէս փաստելու հրամայականը. այսօրուան պայմաններուն մէջ, սա առայժմ կը թուի կորսուած դատ, բայց քաղաքական կեանքի մէջ ոչինչ վերջնական է, յարափոփոխ աշխարհը կրնայ ստեղծել նոր ալիքներ, որոնց պէտք է պատրաստ ըլլալ, զանոնք վերածել նպաստաբեր հոսանքի (անցեալին ըրած ենք):
Այս ու նման առաջադրանքներու, տարրական եւ ազգային իրաւունքներու հետապնդման համար, Հայաստանի ղեկին գտնուող(ներ)ը պէտք ունի հայ կեանքի բոլոր ձեռքերուն լիարժէք գործակցութեան, սկսելով այլամերժութեան վանումէն, «հինի-նորի» մտածողութեան հրաժարումէն: Ազգային հիմնական հարցերու, ճակատագրական տնօրինումներու մէջ որեւէ անմիաբանութիւն՝ մեր դիրքը տկարացնող գործօն պիտի ըլլայ այսուհետեւ: Իսկ կարելի՞ է երեւակայել, որ ազգային միասնութիւն մարմնաւորող եւ հայրենիքի փրկութեան առաքելութիւնը յանձն առնող ՈՐԵՒԷ ԿԱԶՄ պիտի գայ դուրսէն: Սա ո՛չ ճափոնական կամ քորէական ինքնաշարժ է, ո՛չ ալ գերմանական կամ ամերիկեան (կամ այլ) տնային գործիք, որոնք կը ներածուին այդ երկիրներէն: Ազգ. Միութեան կառավարութիւնը իրաւունք չունի մերժելու որեւէ կարող գործիչ, ո՛ր կուսակցութեան ալ որ անդամ է ան, մինչեւ իսկ եթէ ան Սփիւռքի զաւակ է (մասնագէտներու եւ կարող անձերու աշխատանքի լծման համար, կարելի է մինչեւ իսկ դրականօրէն շրջանցել օրինական որոշ պայմաններ, օրինակ՝ սփիւռքցի անհատներ իբրեւ օգտակար խորհրդատու հրաւիրել, առանց անպայման հետեւելու՝ պետական անձնակազմի անդամութեան համար, օրէնքին հարկադրած սահմանափակումներուն), պայմանաւ, որ անհատներուն եւ կազմին սեւեռակէտը ըլլան Հայաստանի ու հայութեան շահը, Հայաստանի զօրակիցներու ծիրին ընդարձակումը՝ ընդդէմ մեր գլխաւոր թշնամիին՝ համաթուրանականութեան դրօշակիր թուրք-ազերի զինակցութեան:
Սպասելի է, որ մեր ժողովուրդը լայն բանայ իր աչքերը, ամբողջական պատկերացումը ունենայ պատուհասին եւ տեսնէ մօտակայ եւ հեռաւոր հորիզոնները, որպէսզի վաղը հող չպատրաստուի նաեւ այն մտածողութիւնը, թէ «ի՞նչ ընենք. այնպէս պատահեցաւ, որ թուրքն ու ազերին պատառ-պատառ խլեցին մեր հողերը, Հայաստանը վերադարձուցին պատմական սուտին իրականութեան, ըստ որուն՝ Հայաստանը Ազրպէյճանի մէկ նահանգն էր… Ազրպէյճանի գոյութենէն առաջ»:
Մեր հորիզոնները մթագնած են: Յոյսը եթէ տկարացած է, մեր պարտականութիւնն ու իրաւունքն է ՍՏԵՂԾԵԼ ՆՈՐ ՅՈՅՍ եւ ԳՈՐԾԵԼ ՅԱՌԱՋ ՇԱՐԺԵԼՈՒ տրամաբանութեամբ, աշխարհի բոլոր իրականութիւնները ճիշդ կշռադատելու կամքով:

Սարգիս Մահսերէճեան
3 Դեկտեմբեր 2020