ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը հանդէս եկած է հետեւեալ ուղերձով․
«5 Դեկտեմբերին Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման հանրահաւաքի ընթացքին մենք միասին վերահաստատեցինք Նիկոլ Փաշինեանին հեռանալու պահանջը եւ հանրահաւաքէն վերջ մենք այդ պահանջը փոխանցեցինք իրեն` ժամանակ տալով մինչեւ Երեքշաբթի ժամը 12:00-ը հրաժարական տալ եւ հեռանալ: Ինչպէս կը տեսնէք արդէն 12.08 վայրկեան կ’անցնի եւ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական չէ ներկայացուցած: Հետեւաբար, այս պահէն սկսեալ մինչեւ 17.00-ն ՀՀ քաղաքացիները ունին ղեկավար իրաւունք խաղաղ անհնազանդութեան բողոքի ցոյցեր եւ գործողութիւններ ընելու, իրենց բողոքը, պահանջը տեղ հասցնելու համար:
Ես կը դիմեմ մեր քաղաքացիներուն իրենց բոլոր գործողութիւնները իրագործելու օրէնքի սահմաններուն մէջ, չյանձնուիք սադրանքներու: Կը դիմեմ իրաւապահ համակարգին` ապահովելու ՀՀ քաղաքացիներուն ազատ երթերը, ցոյցերը, բողոքները ընելու իրաւունքը եւ երբեք չկատարելու Նիկոլ Փաշինեանին ապօրինի հրահանգները եւ ուժ կիրառելու մեր ժողովուրդին նկատմամբ:
Անգամ մը եւս կը դիմեմ Նիկոլ Փաշինեանին. Նիկո՛լ, միեւնոյնն է դուն պիտի հեռանաս, հեռացիր անցնցում, գոնէ այս անգամ խնայէ պետ պետութիւնն ու պետականութիւնը: Գնա անցնցում, մի՛ խաթարեր մեր երկրի ներքին կեանքը: Քու հեռանալդ կենսական անհրաժեշտութիւն է մեր ժողովուրդին եւ պետութեան համար:
Սիրելի՛ քաղաքացիներ, դուք այս պահէն սկսեալ ազատ էք խաղաղ անհնազանդութեան բողոքի ցոյցեր ընելու համար եւ դարձեալ կը կրկնեմ, չյանձնուիք սադրանքներու: Ամէն ինչ պէտք է ըլլայ օրէնքի ու օրինականութեան շրջանակներուն մէջ:
Նիկոլ հեռացի՛ր»: