Առանց իրարմէ բոլորովին անջատելու Հայաստանի եւ Արցախի նորաստեղծ վիճակները՝ փորձենք արձանագրել նաեւ շարք մը հարցումներ, որոնք առաւելաբար կապուած են 10 Նոյեմբերի համաձայնագիրին յաջորդող փուլը մտած Հայաստանին: (Ինչպէս որ Արցախի մասին մեր արձանագրած հարցումներուն ենթապատկերին մէջ կար Հայաստանը, այս հարցումներուն ենթապատկերին մէջ ալ կայ Արցախը: Իսկ Սփիւռքը երկուքին պարագային ալ պարզ հանդիսատես չէ):
Անծածկելի իրականութիւն է, որ 10 Նոյեմբերի արեւածագէն ի վեր Հայաստանի քաղաքական բեմը վերստին ինկած է անհաշտ բեւեռացումի այն մթնոլորտին մէջ (եթէ ոչ՝ աւելի խորունկ կերպով), քան ինչ որ էր 27 Սեպտեմբերէն առաջ, մասնաւորապէս՝ ամրան ամիսներէն ասդին (կարելի է նաեւ տարիներ ետ երթալ):
Իշխանութիւնն ու անոր անմիջական խօսափողերը անցած են հակայարձակողական-պաշտպանողականի: Պաշտպանել փորձելով անվիճելիօրէ՛ն վնասակար եւ կործանարար համաձայնագիրը՝ իշխանութիւնը չքմեղանքներ կը փնտռէ զայն կանխող շաբաթներու արտառոց վարմունքին համար, հակայարձակում շղթայազերծած է ընդդիմադիրներուն, տեղին ու չափազանցեալ բացայայտումներ կատարողներուն դէմ: Ընդդիմադիրները կը մեղադրուին… աթոռակռիւի դիտաւորութեամբ եւ այլ յանցանքներով: Խորհրդարանական ընդդիմադիրներն իսկ սկսած են արտախորհրդարանական ընդդիմադիրներուն համահունչ մօտեցումով խօսիլ: Իշխանափոխութեան հարցը դարձած է հրատապ պահանջ, սակայն հորիզոնին վրայ յստակ չ’երեւիր, թէ յառաջիկայ փուլը ի՛նչ մեծ խորագիրներու տակ պիտի կազմաւորուի (բարի բաղձանքներու մասին՝ ո՛չ մէկ կասկած): Եւ այս վիճակէն, նա՛եւ համաձայնագիրին էջերէն կը ծնին շուտափոյթ պատասխանի եւ լուծումներու սպասող հարցականներ: Արձանագրենք մէկ քանին.
– Ի՞նչ փոփոխութիւն պիտի ապրին Հայաստան-Արցախ (արցախցիներ) գործակցական յարաբերութիւնները: Անմիջականօրէն, Հայաստան ձմեռնամուտի այս օրերուն դէմ յանդիման է բազմատասնեակ հազարաւոր գաղթականներու տագնապին: Յայտարարուած դրամական օգնութիւնը բաւարա՞ր է: Գաղթականներէն քանի՞ն պիտի կարենայ վերադառնալ Արցախ, որուն իշխանութիւնները օգնութեան արդար սպասում ունին Հայաստանէն (այս խորագիրին տակ հարցումները ինքնին կրնան երկար ցանկ կազմել):
– Պարտուողական համաձայնագիրը ստորագրող իշխանութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ համոզել հանրութիւնը, թէ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ նախընթացը չունեցող՝ վնասարար քայլը առնելէ ետք պէտք է ընդունիլ որ ատակ են նոր փուլը կերտելու:
– Կը հետեւի անխուսափելի հարցում մը. ինչո՞ւ ժողովուրդը արդար զայրոյթով ոտքի կանգնեցաւ եւ զօրակցեցաւ փտածութեան, կաշառակերութեան եւ մենաշնորհներու դէմ, իսկ այսօր համեմատաբար կրաւորական դիրք բռնած է հող (Արցախի մէջ) ու գերիշխանութիւն (Հայաստանի հարաւը) զիջողներուն հանդէպ:
– Կա՞ն արդեօք թաքուն կէտեր, որոնք արձանագրուած են զիջումներու խորագիրին տակ (խօսքը չի վերաբերիր միայն վերջին օրերուն ազերիներուն յանձնուող գիւղերուն, որոնց մասին չէր խօսուեր սկզբնապէս):
– Ի՞նչ իմաստ պէտք է տեսնել կառավարութենէն հեռացող նախարարներու քայլին մէջ: Աւելի քան տարի մը առաջ վարչապետը կորսնցուց իր կողքին եղող ուժական կառոյցներու քանի մը ականաւոր պաշտօնատարներ, որոնք առաջին օրէն քալած էին իր կողքին, յետոյ, «կարմիր քարտ»-ի լեզուով սկսան խօսիլ: Նոր հրաժարեալները վաղը լռութի՞ւն պիտի պահեն, թէ՞ իրենց կարգին պիտի միանան ցաւցնող բացայայտում կատարողներու փաղանգին եւ… թիրախ պիտի դառնան իշխանաւորներու ամբաստանութեանց, թէ՝ «աթոռակռիւի կը միանան» (չէ՞ որ աթոռին վրայ նստած հանրապետութեան նախագահն իսկ թիրախաւորուեցաւ, երբ իրականութիւնը կոչեց իր անունով եւ իշխանափոխութեան պահանջ դրաւ):
– Ինչո՞ւ վարչապետին տեսակէտն ու դիրքորոշումը այսօր պաշտպանողը հայրենասէր է եւ յեղափոխական, իսկ վաղը, երբ դառն ճշմարտութիւններ բացայայտէ, յանկարծ կը դառնայ հակայեղափոխական: Ինչո՞ւ քարացած է այն կարծիքը (եւ որոշ զանգուածներ կը յամառին իրենք զիրենք պատանդ պահել անոր), թէ վարչապետը եւ գործակիցներն են միակ ճշմարտախօսն ու արդարը, իսկ քաղաքական ու զինուորական բոլոր հակաճառողները ստախօս են ու ազգադաւ: Այս բոլորը խորհրդային տարիներու վարքագիծ չե՞ն յիշեցներ:
– Որքա՞ն ժամանակի պէտք ունինք, որպէսզի զանգուածը համոզուի, որ իրեն բարիք եւ յոյս խոստացող-բերող վարչապետը ինքն իր յայտարարած ուղեգիծէն եւ սկզբունքներէն ետդարձ կատարած է եւ անոր ուղին դարձած է վնասաբեր: Եթէ անոր ծրագիրներն ու ուղեգիծը արդար էին, ան ինչո՞ւ նախընտրեց աւելի քան 40 օր ստապատիր տեղեկութիւններով կերակրել ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ եւ հիմա առատօրէն մեղադրանքներ կը բաշխէ աջ ու ձախ: «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» առաջին օրերուն ան չէ՞ր կրկներ, թէ իր բոլոր քայլերը պիտի ըլլան թափանցիկ, ո՛չ մէկ քայլ պիտի առնէ ժողովուրդին կամքին ու շահերուն հակառակ: Աւելի քան 40 օրերու պատերազմին միայն վերջին 2 օրերո՞ւն էր, որ անդրադարձաւ, թէ ժողովուրդին դիմելու ժամանակ չկար (մինչդեռ առատ ժամանակ կար ամբողջ ազգը «Յաղթում ենք, յաղթանակը օրերու հարց է»-ի հաղորդագրութիւններով):
– Կառավարութեան կազմին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները բաւարա՞ր են բարեշրջում բերելու: Արդեօք բաց աչքերով կարելի չէ՞ տեսնել, որ վարչապետը Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւններէն ետք, աստիճան առ աստիճան բարձրացած է միանձնեայ ղեկավարումի աստիճաններէն վեր (կամակատար երեսփոխաններ ու նախարարներ, ուժային համակարգ, դատարաններ…), բոլոր լծակներն ու թելերը կեդրոնացուցած է իր ձեռքերուն մէջ, իրեն հետ նուազագոյն տարակարծութիւնը ունեցողներ յանկարծ կը հեռացուին, կը մեկուսացուին (ահա նաեւ՝ 10 Նոյեմբերէն ետք): Ինչպիսի՞ պահանջներով պէտք է պատասխանել իր այն յայտարարութեան, թէ կը ստանձնէ բոլոր ձախորդութիւններուն եւ կորուստներուն պատասխանատուութիւնը, միաժամանակ կը կրկնէ անցեալի իշխանաւորներուն ուղղուած ամբաստանութիւնները (այս հարցումը չենք դներ ՈԵՒԷ ԻՍԿԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱՒՈՐ անպարտ տեսնելու մօտեցումով):
– Ճի՞շդ է այն մեկնաբանութիւնը, որ այս վարչախումբը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, երկրին ղեկին հասաւ (բերուեցաւ) Արցախի օրակարգը այս վախճանին հասցնելու նպատակով:
– Որքա՞ն ճիշդ է այն մեկնաբանութիւնը, որ եթէ այսօրուան իշխանութիւնը տուն երթայ, նախկին՝ փտած ու կաշառակերներու խմբակը պիտի վերադառնայ իշխանութեան: Արդեօք Հայաստանի մէջ քաղաքական ուղեղներու սնանկացո՞ւմ կայ:
– Աւելի՛ վտանգաւոր եւ ցաւցնող հարցում մը. պիտի անդրադառնա՞նք, որ Հայաստան համայնավարներուն հետ պատմութեան էջերուն թողած է (թողած պէտք է ըլլար) մէկ անձի կամքին ենթարկուելու եւ անոր մատի շարժումներով կառավարուելու աւանդութիւնը, որ սակայն կը շարունակէ փիւնիկի պէս վերասաւառնիլ իրերայաջորդ իշխանութիւններու օրերուն («իմաստուն բռնատէր»ի վարկածը բարեացակամ տեսութիւն է): Ստալինի պարագան միակ օրինակը չէ: Ներկայ աշխարհին մէջ ալ կան տարբերակները:
– Մեր աչքերը բաւարար չափով կարո՞ղ ենք տարածելու դէպի այն վտանգալից հորիզոնները, որոնք կ’ուրուագծուին, երբ Մեղրիի վրայով, Հայաստանի հարաւային սահմանին երկայնքին, Ատրպէյճանին դէպի Նախիջեւան անցքի արտօնութիւն կը խոստանանք: Կրնա՞նք տեսնել, որ այդ ծրագիրը գործադրութեան կը դրուի պարզապէս ճամբու մը բացման ծածկոյթին տակ, մինչդեռ անիկա կրնայ վերածուիլ շատ աւելի մեծ պատուհասի: Եթէ 90-ականներու յիշողութիւնը կորսնցուցած ենք, պէ՞տք է մեր աչքերը փակենք, մեր գլուխներէն շատ վեր, շրջանային եւ միջազգային այսօրուա՛ն զարգացումներուն դիմաց (ինչպէս ըրած ենք տարիներէ ի վեր)՝ սկսելով համաթուրանականութեան ճամբուն մե՛ր համաձայնութեամբ բացումէն՝ մինչեւ աշխարհը կառավարող տնտեսական-ռազմաքաղաքական խմբաւորումներու շահերը, որոնք Հայաստանը յաւելեալ մեկուսացումի եւ կորուստներու ճամբու մէջ կը դնեն:
– Արդեօք մանկամտութիւն չէ՞ (չըսելու համար ուրիշ բան) հաւատալը, որ Պաքուէն դէպի Աղտամ, Շուշի, Մեղրի եւ Նախիջեւան մայրուղի բացող, իր քարիւղի եւ այլ շահերը ապահովող Ատրպէյճանը (Թուրքիոյ կամակատարը) պիտի ընդունի վերաբանալ Հայաստանէն դէպի Իրան շոգեկառքի գիծը, որ կ’անցնի Նախիջեւանէն (վարչապետը խոստովանեցաւ, որ սա կրնայ ըլլալ կամ կրնայ չըլլալ): Պարզ աչքերով չե՞նք տեսներ, որ մեր խոստացած անցքը առաջին հերթին կը նպատակադրէ Հայաստանը խզել Իրանէն (որուն դէմ նոր յարձակումներու եւ պատժամիջոցներու մասին միջազգային սակարանը դարձեալ աշխուժացած է): Այնքա՞ն կարճցած է մեր յիշողութիւնը, որ մենք մեզի արտօնենք անտեսել հետզհետէ աւելի ուժգնօրէն հնչող թրքական այն սպառնալիքը, որ Հայաստանը մէկ բաժինն է Ատրպէյճանին (Ատրպէյճանը արդէն մէկ բաժինն է համաթուրանական Թուրքիոյ), մինչեւ իսկ եթէ մոռցած ենք, որ Թուրքիա աւելի քան 100 տարի առաջ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՒ ՄԷՋ ԴՐԱՒ Հայաստանն ու հայութիւնը բնաջնջելու իր ծրագիրը: (Եւ երեւակայել, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ կան, որ նման մօտեցում կը յորջորջեն «հայդատական պատմութիւն»…): Չե՞նք տեսներ, որ Արցախը կուլ տալէ ետք Հայաստանն ալ վերցնելու տենդով լարուած Թուրքիոյ դիմաց՝ «առեւտուր պիտի ընենք, Հայաստան շահեր պիտի ապահովէ»-ն ինչպիսի՛ «տրամաբանութենէ» կը ծագի…
– Ո՞վ պիտի կասեցնէ երկփեղկումը խորացնող արշաւները, ներքին բախումներու առաջնորդող մարտակոչերը: Ընդդիմադիրնե՞րն են յանցաւորը, երբ խաղաղ ցոյցերով հրապարակ կու գան եւ կը դիմաւորուին ոստիկանութեան բիրտ միջոցառումներով: Երբ Փաշինեան իր քայլարշաւը Երեւան հասցուց Կիւմրիէն, նման բռնութիւններ իրականացան եւ ինչպիսի՜ դատապարտումներով դիմակալուեցան, հիմա, նոյնը կը կատարուի օր ցերեկով, փաշինեանական իշխանութեան ոստիկանութեան կողմէ: Աւելի՛ն. նոյնինքն վարչապետին անմիջական զօրակիցները կ’ընդվզին՝ ի լուր ընդդիմադիրները «մաքրագործելու» դիտաւորութեամբ վարչապետին «սխալ հասկցուած» կոչին: Ընդդիմութեան դէմ ցոյցի ելլող քաղաքացիներ ու զինուորներ ինչո՞ւ պէտք է մղուին հոն, ուր յայտարարեն, թէ առանց վարչապետին՝ Հայաստան գոյութիւն չի կրնար ունենալ, կամ՝ իրենք վարչապետին սիրոյն կռիւի գացած են, եթէ ան հեռանայ, այլեւս պատերազմի գացող պիտի չմնայ:
– Ինչո՞ւ դարձեալ սկսած է հրապարակ նետուիլ այն «վարկածը», թէ Արցախը արդէն ի սկզբանէ բեռ էր Հայաստանի ուսին, զայն Ատրպէյճանին զիջելով՝ Հայաստան այսուհետեւ հանգիստ կրնայ ապրիլ: Ինչո՞ւ Արցախին նկատմամբ այս ապազգային դրսեւորումը եւ ինչո՞ւ այս հաւկուրութիւնը՝ չտեսնելու, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Մեղրիի անցքէն սկսեալ՝ ինչպիսի՛ նոր սուրեր կը կախեն նոյնինքն Հայաստանի գլխուն վերեւ:
– 10 Նոյեմբերի համաձայնագիրէն ետք, Հայաստանի քաղաքական կեանքը, թօթափելէ ետք ստեղծուած խառնաշփոթութիւնն ու անորոշութիւնները, պիտի յաջողի՞ յստակ եւ հեռահաս ծրագրաւորում կատարել, յստակացնել մեր մարտավարական հորիզոնները եւ բանալ վերականգնումի, հողահաւաքի (այսօր կրնայ ջուրի ձայն թուիլ) հեռահաս ծրագիրներ մշակել եւ գործի անցնիլ ձեռքերու միացումով, թէ մենք մեզ բանտարկուած պիտի պահենք իրարամերժ ճակատներու խրամատներուն մէջ՝ չտեսնելով ներքին ու արտաքին վտանգները, ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:
Ինչպէս նշեցինք այս սիւնակին սկիզբը, հարցականներու ցանկը երկար է: Ասոնք, Արցախի վերաբերող հարցականներուն հետ, պէտք է օրակարգի եւ ամենալուրջ (ո՛չ համացանցային տրամաբանութեամբ) քննարկումի ենթարկուին բացարձակ անաչառութեամբ, այն խորհրդապահութեամբ, որ կը թելադրուի այսօրուան մեր վտանգուած վիճակէն: Նման քննարկումի լոյսին տակ է, որ պիտի բիւրեղացնենք (եւ ո՛րքան շուտ՝ ա՛յդքան լաւ) յառաջիկայ փուլին հիմնական գիծերը: Նման անաչառ քննարկում պէտք է մանաւանդ վաւերական ու փաստացի կերպով արձանագրէ, թէ 10 Նոյեմբերի համաձայնագիրը որքանո՞վ դաւաճանութիւն էր, իշխանութեան ինքնարդարացումը որքա՞ն հիմք ունի, ու աւելի անդին անցնելով՝ մեր կարողութիւններն ու կարողականութիւնը ինչպէ՞ս ճիշդ գնահատումի պէտք է ենթարկենք եւ սկսինք քալել դէպի յառաջ:
Սարգիս Մահսերէճեան