Այսօրուան նորութիւնը, որ առհասարակ մեր ուշադրութեան կիզակէտին  կը ներկայացուի, ներքին եղբայրասպան կամ քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքի շեփորի ոտնաձայնն է։ Առաջին նախագահի Լ.Տ.Պ.-ի բերնով արտասանուած այս գնահատականը, որ կը վկայակոչէ երբեմնի իր գործակիցին՝ Վ.Մ.-ի բերնով արտասանուած հրապարակային կարգ մը արժեւորումներ եւ անոնց լոյսին տակ կը կատարէ քաղաքացիական պատերազմին պատուհասին մեր դարպասներուն առջեւ կանգնած ըլլալու ծանրակշիռ մեկնաբանութիւններ: Այս արժեւորումները, վարպետօրէն հիւսուած ու պատճառաբանուած տրամաբանութեամբ կը ներկայացուին հայ հանրային կարծիքին՝ «անմեղութեամբ» ուղղորդելու զայն դէպի այդ ընտրանքը:
Առաջին նախագահը «Հա՛մ նալին, հա՛մ սալին» հարուածելով ճամբայ կը բանայ այն վարկածին, որուն պիտի յանգի շիկացած յետպատերազմեան քաղաքական առօրեան, ընդդիմարգելներու (պարիգատներու) լեզուով եւ հասարակութեան մէջ խռովարար, անհակակշռելի մթնոլորտի ամրակայումով: Ինք քաջածանօթ ըլլալով վաղեմի նոյնանման թատերգութիւններու բեմագրութիւններու հեղինակային իրաւունքներուն, ի տարբերութիւն նախորդներուն, այս անգամ մեղսակցութեան մեծ բաժինը կը վերապահէ ընդդիմութեան:
Ընդդիմութիւնը իր զանազան շերտաւորումներով, խորհրդարական եւ արտախորհրդարանական, շատ յստակ առաջադրանքներով եւ ուղերձներով կը ներկայանայ հայ  հասարակութեան՝ ընդգծելով, որ գործող իշխանութեան ներկայացուցիչի ճանապարհային 6-ամսեայ քարտէզը եւ այդ պորտակապէն ծնելիք տխեղծ երեխային ճօճումը պարտուողականութեամբ հիւսուած խանձարուրին մէջ մերժելի է ըստ ամենայնի, ու պարտադիր հանգամանք է օր առաջ վնասազերծել պարտուողական «յայտարարութեան» առթած երեւելի եւ աներեւոյթ ականները:
Մինչ այդ, պէտք է ընդունինք այն ուշագրաւ իրողութիւնը, ուսանելի երեւոյթը, որ հայ հասարակութիւնը բարձր գիտակցութիւն եւ ազգային քաղաքացիական օրինակելիութիւն ցուցաբերեց պատերազմի 44 օրերու տեւողութեան: Այսպէս, մամուլի եւ հասարակական գործիչներու ստուար թիւ մը, իր գնահատականները եւ երբեմն արդար ցասումով զայրոյթը խեղդեց իր կոկորդին մէջ, երբ  հասկացողութեամբ կուլ տուաւ  վարչական-պետական բացթողումները ու զինուորական-քաղաքական ընկրկումները, անսալով միասնականութեան եւ պատերազմական մթնոլորտներու ընթացքին գերազանց զգօնութիւն ցուցաբերելու հրամայականներուն, ամուր պահելով թիկունքը ու ներքին ճակատը։
Այսօր ե՛ւս, նոյն ալիքաւորումով՝ ընդդիմութիւնը խաղաղ միջոցներով, քաղաքակիրթ ոճ դրսեւորերով կը փորձէ կառուցողական քայլերով թէ՛ փողոցի, թէ՛ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու խօսափողով հանդէս գալ, ներկայութիւն արձանագրել, մերժելով նետուած գռեհկաթաթախ բոլոր ձեռնոցները, չներքաշուելով ազգամիջեան պառակտիչ թակարդին մէջ:
Այս ժամկէտով, թէեւ պատերազմը աւարտած չենք կրնար համարել, սակայն կը մերժենք այս ճակատագրական պահերուն մեր մտքերուն մէջ կաղապարել Արծուն  Յովհաննէսեանականի 44 օրուան ճեպազրոյցները յիշեցնող գնահատականներ, որոնց ընդմէջէն  փորձ կատարուեցաւ հասարակութիւնը հաշտեցնելու պարտութիւն բառի նոր սահմանումին հետ, հարստացնելով Աճառեանի բառարանները, բացատրելով որ՝ «ո՛չ մի կորուստ, ո՛չ մի նահանջ դեռ պարտութիւն չէ, ամէն ինչ կորած չէ, եթէ գիտակցութիւնդ պայքարում է», երբ Շուշիի չորս դին օրհասական մարտեր կ’ընթանային: Փաստօրէն կարելի չէր իրապաշտութիւնը ապատեղեկատուութեան խառնելով հաղորդակցիլ ազգային լինելութեան դէմ յանդիման կանգնած քաղաքացիին հետ:
Վերջապէս, վարչապետի հրաժարականի հարցով ընդդիմութեան ժամկէտային լեզուն պէտք է ըմբռնել որպէս յուշագիր, ո՛չ թէ վերջնագիր կամ սպառնալիք: Վերջին հաշուով, խորհրդարանական կայանալիք  ընտրութեան արդիւնքն է, որ պիտի ճշդէ ժողովուրդի հակումներն ու ճաշակը՝ յստակացնելով, որ մենք գործ ունինք կա՛մ կողմնացոյցը կորսցնցուցած ամբոխի հետ, կա՛մ մշակուած եւ քաղաքակիրթ հասարակութեան հետ, որուն համար ազգին ու հայրենիքին լինելութիւնը առաջնահերթութիւն է, իսկ արժանապատիւ հայու կերպարին պահպանումը՝ գերխնդիր:
Կա՛մ կը փրկենք մեր ուրոյն արժանապատուութիւնը եւ առ այդ քաղաքանութիւն կը խաղանք, կա՛մ կը դառնանք խամաճիկ մեծապետական մրցակցութեան յորձանուտին մէջ։ Ա՛յլ ելք չունինք:
Ամէն օրէ աւելի պէտքը ունինք պետական մտածողութեամբ լրջախոհ քաղաքական ղեկավարներու դերակատարութեան ու խոհական, գիտակից ամբոխի աներկբայ դերակատարութեան:
Ժան Հալլաճեան