Բժիշկ, ազատամարտիկ, ՀՅԴ ԳՄ անդամ Տարօն Տօնոյեան դիմատետրի իր էջին վրայ տարածած է ՀՀ խումբ մը բժիշկներուն եւ բուժաշխատողներուն կոչը, որով անոնք կը պահանջեն երկրին մէջ ստեղծուած աղէտալի վիճակի պատասխանատու Փաշինեանի հրաժարականը եւ անոր կառավարութեան ինքնակամ եւ անցնցում հեռացումը: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
«Մենք բոլորս ականատես եղանք, թէ ինչպէս պետական կառավարման բոլոր ոլորտներուն մէջ համատարած ձախողումները, պետականութեան համար կարեւոր հարցերու ոչ մասնագիտական մօտեցումները, պետական քաղաքականութեան մշակումի տարերայնութիւնը անդառնալի հետեւանքներու պատճառ դարձան:
Ականատես եղանք, բայց լռեցինք, որովհետեւ մեզմէ շատերը զբաղած էին իրենց առօրեայ պարտականութիւններու կատարումով: Մենք լռեցինք, երբ պետական մակարդակով կը խարխլուէին բժշկական էթիկայի ձեւաչափերը, մենք լռեցինք, երբ բուժաշխատողներուն հետ կը խօսէին սպառնալիքի լեզուով, մենք լռեցինք, երբ կը տապալուէր պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարը… Լռեցինք եւ ստացանք, որ այլեւս լռելը անհնար է:Նահանջի եւ լռելու իրաւունք այլեւս չունինք:
Հայաստանը պէտք է ոտքի կանգնի: Որպէս պետութիւն եւ ժողովուրդ կանգնած ենք ճակատագրական հանգրուանի առջեւ, որ կը պահանջէ վճռական որոշումներ եւ գործողութիւններ: Քաղաքական իշխանութիւններուն ձեռնարկած քայլերը համարժէք չեն մեր ժողովուրդին ուղղուած գոյապահպանական սպառնալիքին: Իշխանութիւններուն գործողութիւնները, սեփական սխալներու եւ քաղաքական պատասխանատուութեան մերժումը աւելի կը շիկացնեն ներքաղաքական մթնոլորտը:
Ներքոստորագրեալ բժիշկներս եւ բուժաշխատողներս կը պահանջենք ստեղծուած աղէտալի վիճակին համար պատասխանատու վարչապետ Փաշինեանին հրաժարականը եւ նանոր կառավարութեան ինքնակամ եւ անցնցում հեռացումը:
Վստահ ենք, որ քաղաքական ուժերը կը յաջողի երկիրը ցնցումներէն զերծ պահել, մեր հասարակութիւնը միաւորել պետականութեան գաղափարին շուրջ եւ արտահերթ ընտրութիւններու ճանապարհով ձեւաւորել առկայ ճգնաժամը յաղթահարելու ունակ իշխանութիւն»: