Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Գամիշլի, ուր Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով Երկուշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէր յատուկ պատուիրակութիւն մը:

Պատարագէն ետք, Առաջնորդական Փոխանորդութեան դահլիճէն ներս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրեց երկար տարիներու բազմավաստակ ազգային գործիչ տիար Վարդգէս Սիմոնեանը:

Բարշ. Յակոբ Սրկ. Պարսումեան ընթերցեց շքանշանակիր տիար Վարդգէս Սիմոնեանին կենսագրութիւնը, յայտնելով, որ ան երկար տարիներ ծառայած է Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս: 32 տարեկանին ան մաս կազմած է Ազգային Իշխանութեան, աւելի քան երեք նստաշրջան մաս կազմած է եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին եւ Ազգային Գաւառական ժողովին: Գործակցած է իր ժամանակի Առաջնորդներուն եւ Առաջնորդական Փոխանորդներուն հետ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ եւս աշխատակցած է Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ եղած տարիներուն: Ան եղած է խիզախ, հաւատարիմ եւ մաքուր ծառայող: Անոր մշտական հետեւողականութեամբ իրագործուած են բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց կարգին կը յիշենք եկեղեցւոյ կառուցումը Սրբազան Հօր հետ գործակցաբար, Կիւլպէնկեան եւ Խորէնեան սրահներու շինարարութիւնը եւ բազմաթիւ այլ իրագործումներ։ Բազմակողմանի յատկութիւններով ան իր կարեւոր ներդրումը բերած է ազգային եւ գաղութային, հասարակական ու տնտեսական բնագաւառներուն մէջ` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Վարդգէս Սիմոնեանին համար ազգային ծառայութիւնը եղած է բնական պահանջք, ամէնօրեայ ապրում եւ տագնապ: Ան ծառայեց բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու բծախնդրութեամբ, ըլլալով խստապահանջ` նախ իր անձին, ապա իր անմիջական շրջապատին նկատմամբ: Յաճախ եղած է խիստ իր կարծիքներուն մէջ ու անզիջող՝ իր համոզումներուն մէջ: Լաւագոյնին ձգտելու իր ճիգին մէջ ընթացիկ մօտեցումներէն դուրս գալով յաճախ ունեցած է իր իւրայատուկ տեսակէտը։ Ան բազմաթիւ անգամներ ազգային գործիչի բարձր գիտակցութեամբ ճիգ չէ խնայած համերաշխութիւնը վերականգնելու տարբեր բնագաւառներէն ներս:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց պարգեւատրումի արարողութիւնը, ապա իր սրտի խօսքին մէջ անդրադառնալով ծառայութեան խորհուրդին, գնահատեց տիար Վարդգէս Սիմոնեանը եւ այս առիթով գնահատեց նաեւ Վարդգէսին ընտանիքը եւ իրեն հետ գործակցած բոլոր ծառայասէր ազգայինները:

Դահլիճէն ներս ներկայ գտնուող ժողովուրդի զաւակները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին խրախուսիչ պարգեւատրումին առիթով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Սուրբ Աջը համբուրելով իրենց շնորհաւորական մաղթանքները ուղղեցին տիար Վարդգէս Սիմոնեանին:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն