«Երկիր».-ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները (Ռուսիոյ Դաշնութեանը՝ Իկոր Փոփով, Ֆրանսայինը՝ Սթեֆան Վիսքոնթի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներունը՝ Էնտրիւ Շոֆեր) 14 Դեկտեմբերին տարածած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթի եւ ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շոֆեր մեկնած են Պաքու 12 եւ 13 Դեկտեմբերին, Երեւան ժամանած են 13 եւ 14 Դեկտեմբերին:
Պաքուի մէջ անոնց ընդունած է Նախագահ Ալիեւը: Հանդիպած են արտաքին գործոց նախարար Պայրամովին հետ:
Երեւանի մէջ անոնց ընդունած է վարչապետ Փաշինեան, հանդիպած են արտաքին գործոց նախարար Այվազեանին հետ:
Համանախագահները հանդիպած են նաեւ տարածաշրջանի մէջ գործող Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի եւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Գրասենեակի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անժէյ Քեսպրչիքը նոյնպէս կը մասնակցէր բոլոր հանդիպումներուն:
Երկու մայրաքաղաքներու մէջ ալ կողմերը ներկայացուցին իրավիճակի գնահատականը եւ յայտնեցին գալիք տարուան համանախագահներուն հետ համագործակցութեան մասին իրենց ակնկալիքները:
Նկատի առնելով նոր իրողութիւնները` համանախագահները հաստատեցին իրենց շարունակական նուիրուածութիւնը` կողմերու հետ կառուցողականօրէն գործակցելու համար տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը խթանելու եւ առկայ հարցերը լուծելու համար:
Համանախագահները պարտաւորուած են նաեւ որոշակի առաջարկներ ներկայացնելու կողմերու հետագայ քննարկումներուն՝ հանդիպումներու ընթացքին արծարծուած հարցերուն մասին»: