Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանի Վահագն Դաւթեան զբօսայգիին մէջ 14 Դեկտեմբերին մեկնարկած է Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով քաղաքացիներուն Արժանապատուութեան երթը: Երթին մասնակիցները պարերաբար կոչ կ’ընէին միանալու երթին եւ ոչ ըսելու Նիկոլին: Անոնք կը վանկարկէին «Նիկո՛լ, հեռացիր», «Նիկո՛լ, դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:
ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց համախմբելու ողջ ուժերը եւ հեռացնելու ազգի դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանը:
Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց` եթէ Նիկոլ Փաշինեան չգիտակցեցաւ, որ պէտք է հեռանայ այդ պաշտօնէն, միասին պէտք է այդ պաշտօնը հեռացնենք Նիկոլէն:
«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեան յայտնեց, թէ ինչ որ կը կատարուի Հայասանի մէջ, կարելի է 2 բառով բնութագրել` մարդիկ պատրաստ են եւ պիտի պայքարին ոչ միայն իրենց ֆիզիքական անվտանգութեան համար, այլ պիտի պայքարին իրենց պատուի եւ արժանապատուութեան համար:
Փաշինեան մարդոց լռութիւնը մեկնաբանած է յօգուտ իրեն, ան կը համարէ, որ բոլոր անոնք, որոնք այսօր այս պահուն այստեղ չեն, իր կողմնակիցներն են: Անոր համար կոչ կ’ուղղեմ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն միանալու մեզի, սա պայքար է յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի․ երթի ընթացքին ըսաւ «Իրաւական կրթութիւն եւ վերահսկողութիւն» ՀԿ նախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան:
Մասնակիցները երթով անցան Հր. Քոչար, Բաղրամեան, Սայաթ Նովա փողոցներէն: Ապա հասան Հանրապետութեան հրապարակին:
Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի` վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան դիմեց Արժանապատուութեան երթի մասնակիցներուն.
«Այս պայքարը իսկապէս մեր հայրենիքի համար է, որ ոտքի կանգնինք, երթանք առջեւ: Մէկ խոչընդոտ կայ, Նիկոլ Փաշինեանը խոչընդոտ է, այդ խոչընդոտը պէտք է մէկ կողմ դնել եւ շարունակել առաջ ընթանալ», ըսաւ Մանուկեան:
Ընդդիմութեան վարչապետի թեկնածուն պնդեց, որ շատ բան ստիպուած պիտի ըլլան ի գործ դնել՝ սկսելով զերոյէն:
Յայտարարուեցաւ, որ երթը պիտի շարունակուի 15 Դեկտեմբերին ժամը 17:00-ին Սասունցի Դաւիթի արձանին մօտ: