Երկուշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ կառավարութիւնը պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու նպատակով հետեւեալ որոշումները ընդունեց.
-Կառավարական կեդրոններէն, հանրային փոխադրակառքերէն, հանրային շուկաներէն, առեւտրական փակ կեդրոններէն, առեւտրական հաստատութիւններէն եւ փուռերու սպասման կարգերուն մէջ գթակապ օգտագործելը պարտադիր պիտի ըլլայ։
-Որեւէ զբօսաշրջային հաստատութիւն կամ ճաշարան, որ կառավարութեան սահմանած նախազգուշական միջոցները չ՚որդեգրեր, անմիջապէս պիտի փակուի եւ փակ մնայ 15 օր, կրկնուելու պարագային՝ 1 – 3 ամիս։
-Կառավարութիւնը կոչ ուղղեց նահանգապետներուն որեւէ ընկերային հաւաքներու արտօնութիւն չտալու, նկատի ունենալով որ նման ձեռնարկներ պսակաձեւ ժահրի տարածման հաւանականութիւնը կը բարձրացնեն։
-Կառավարութիւնը Սուրիոյ Առուջապահութեան Նախարարութեան եւ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութեան պատասխանատուութեան պիտի յանձնէ պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաները ընդունող հիւանդանոցները մասնագէտ բժիշկներով եւ գործիքներով օժտելու աշխատանքը։