Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան 14 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է մտաւորականներու եւ մշակութային գործիչներու հետ: Մտաւորականներու եւ մշակոյթի գործիչներու հետ հանդիպումին «Հայրենիքի Փրկութեան Շարաժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան ըսած է, որ այս խայտառակ եւ ամօթալի պարտութիւնը դառնութիւն կը յառաջացնէ ինծի, յատկապէս երբ կը մտածեմ որ այդ ամէնը կարելի էր կանխել: «Տակաւին 2,5 տարուան ընթացքին, երբ կը նախապատրաստուէր այս ամէնը, ճիշդ քաղաքականութեամբ այս պատերազմը կրնար ոչ թէ հիմա ըլլալ, այլ աւելի ուշ: Բանակցութիւնները մենք տապալեցինք, հակառակորդին գրգռեցինք եւ մտցուցինք պատերազմի մէջ: Եթէ 2,5 տարուան ընթացքին մենք քիչ մը զբաղէինք բանակով, պարտութիւն չէինք ունենար», ըսաւ ան: Վազգէն Մանուկեան նկատեց, որ 10 Նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրը իր մէջ ունի շատ բացեր: «Այսպիսի համաձայնագիրներուն տակ սովորաբար կ’ըլլան գաղտնի յաւելուածներ` տասնեակ էջեր: Ոչ մէկ բան կայ, իսկ այս կը նշանակէ բանակցութիւններու միջոցով կարելի է այս կամ այն կէտը ուղղել ի նպաստ մեր շահին, բայց ով պիտի վարէ այդ բանակցութիւնները: Այն մարդը, որ մեր երկիրը տարաւ պարտութեա՞ն: Իրեն չեն ընդունիր ոչ միայն մեր երկրին մէջ, ամբողջ աշխարհի համար ինքը քաղաքական դիակ է, ճիշդ է, մարտնչող, բայց քաղաքական դիակ է», յայտնեց «Հայրենիքի Փրկութեան Շարաժումի» վարչապետի թեկնածուն: Ըստ անոր, պատերազմի հետեւանքներուն վերացումը եւ ոտքի կանգնելու գործընթացը պիտի սկսի այն պահէն, երբ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական ներկայացնէ: Վազգէն Մանուկեան նաեւ ներկայացուց, թէ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն վերջ որոնք պէտք է ըլլան անցումային կառավարութեան ընելիքները: «Հսկայական բանակցային գործընթաց պէտք է ըլլայ այս համաձայնագիրը կեանքի բերելու եւ որոշ կէտեր մեկնաբանելու այնպէս, ինչպէս մենք կ’ուզենք: Մենք ժամանակէն վերջ պէտք է լրջօրէն քննարկենք, թէ ինչ յարաբերութիւններ պէտք է ունենանք Թուրքիոյ, Իրանի, միւս երկիրներու հետ, ակնյայտ է: Բայց մարդիկ, որոնք տակաւին պատերազմը չաւարտած, երբ տակաւին կը կրակեն սահմանները, կը յայտարարէ, որ մենք հիմա դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծենք Թուրքիոյ հետ, ընդհանրապէս անհասկնալի է: Եթէ կռիւի ընթացքին կ’ըսես` հաշտուինք, մեր երկրորդ գլխակարգութիւնը կ’ըլլայ: Իրենց թելադրուած է, թէ տգիտութիւն է, ինծի չի հետաքրքրեր», ըսաւ ան: Անցումային Կառավարութեան համար, անոր խօսքին համաձայն, ծանր ժամանակաշրջան պիտի ըլլայ, որովհետեւ կան շարք մը օրհասական հարցեր, մասնաւորապէս, փախստականներ, գերիներ, զոհուածներու, անհետ կորսածներու հարցերը: Վազգէն Մանուկեանի համոզումով, այդ բոլորը պէտք է լուծուին անցումային կառավարութեան միջոցով: