Երկուշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը զոյգ նամակներ յղեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին։ Նախարարութիւնը Թուրքիոյ Հասիչէի բնակիչները ջրազուրկ պահելը ոճիր համարեց։ Սուրիան ՄԱԿ-ի եւ Անվտանգութեան Խորհուրդին կոչ ուղղեց անմիջապէս միջամտելու եւ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Հասիչէի Ալլուք ջրամուղ կայանը վերստին բանի եւ բնակչութեան դէմ անմարդկային արարքները վերջ գտնեն։