ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը պարբերաբար կը հրապարակէ Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու գործունէութեան ամփոփագիրեր, որոնք լրատուամիջոցներուն, հասարակական լայն շրջանակներուն, մասնագիտական ու քաղաքական հանրոյթներուն առիթ կու տան կեդրոնացած եւ հաւաստի տեղեկատուութիւն ստանալու ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան մասին, իրազեկ ըլլալու սփիւռքի քաղաքական գործունէութեան ընթացիկ արդիւնքներուն եւ եւ առաջադրուած հարցերուն:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակը կը շարունակէ աշխատանքները` ԱՄՆ-ի կողմէն Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնը կասեցնելու եւ Արցախին 250.000.000 տոլարի հասնող մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու համար:
Հայ Դատի գրասենեակէն յայտնած են, որ Թրամփի վարչակազմը պատժամիջոցներ սահմանած է Թուրքիոյ ռազմական գնումներու գործակալութեան նկատմամբ ` որպէս պատիժ ռուսական С-400 հրթիռային համակարգի գնումին համար: Պատժամիջոցները արգելած են Միացեալ Նահանգներէն արտահանման բոլոր տեսակի արտօնագիրներու ու թոյլտւություններու տրամադրումը Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախագահութեան: Նախագիծով նաեւ կը սառին թրքական գերատեսչութեան աշխուժուփիւնը եւ սահմանափակած են անոր նախագահին եւ երեք այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու վիզաները:
Սսենաթոր Անգուս Քինգի կողմէն ԱՄՆ Ծերակոյտին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է թիւ 755 բանաձեւի նախագիծը, որով Պետական բաժանմունքը կոչ ուղղած է զեկոյց պատրաստել Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ բռնաճնշումներուն մասին եւ անոնց մէջ պարզել ԱՄՆ անվտանգային օժանդակութեան դերը: Այդ զեկոյցին արդիւնքերը հիմք պիտի ծառայեն Էրտողանի վարչակարգին ԱՄՆ անվտանգային օժանդակութեան եւ զէնքի վաճառքի սահմանափակումին կամ կրճատումին համար, որ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի հիմնական քաղաքական գերակայութիւններէն մէկն է:

Եւրոպա

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակէն յայտնած են, որ 15 Դեկտեմբերին Եւրոպական Խորհրդարանի երեք պատգամաւորներուն` Ֆրանսուայ Ալֆոնսիի, Սիլուի Կիյումի եւ Պետեր Վան Տալենի կողմէն նախաձեռնուած է «Լեռնային Ղարաբաղի Բարեկամութեան եւ Համերաշխութեան» խորհրդարանական խումբի ստեղծումը, որուն նպատակն է լիարժէք աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախի հայ ժողովուրդին, որ տառապած է բռնաճնշումներէն եւ իր պատմական տարածքի բռնազաւթումէն: Եւրոխորհրդարանի բոլոր անդամներուն յղուած նամակով բարեկամութեան խումբի հիմնահարցերը անդամակցութեան հրաւիրած են բոլոր պատգամաւորներուն, որոնք մտահոգուած են Արցախի հայերու անվտանգութեամբ եւ գոյատեւումով: Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը ամէնօրեայ աշխատանքային կապի մէջ է ոչ միայն բարեկամութեան խումբի ստեղծումը նախաձեռնած պատգամաւորներուն, այլ նաեւ Եւրոխորհրդարանի այլ պատգամաւորներուն հետ` խումբի հետագայ ընդլայնումը ապահովելու համար:
ԱՄՆ Քոնկրէսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էլիոթ Էնկէլ եւ հանրապետական Միշել Մըք Քաուլ տարածած են յայտարարութիւն, ուր իրենց խոր մտահոգութիւն յայտնած են Էրտողանի օրօք Թուրքիոյ գործողութիւններու առնչութեամբ, որոնք վտանգած են ՆԱԹՕ-ի դաշինքը, լայն տարածաշրջանը, ինչպէս ժողովրդավարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը Թուրքիոյ մէջ:

Քանատա

ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները 14 Դեկտեմբերին հեռախօսազրոյց ունեցած են Ռուսիոյ եւ Հայաստանի մէջ Քանատայի դեսպան Էլիսոն Մարի Լը Քլերի հետ: Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնած են Ատրպէյճանի կողմէն պատերազմի ընթացքին քանատական ճարտարագիտութեան օգտագործման հետաքննութեան հետ կապուած, ինչպէս նաեւ քննարկած են Հայաստանի եւ Արցախի ընթացիկ մարդասիրական ճգնաժամին առնչուող հարցեր:
16 Դեկտեմբերին Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման իրաւական ամփոփագիր, որ կազմուած է քանատացի իրաւաբաններու կողմէն: 48 էջանոց փաթեթը վերնագրուած է «Քանատայի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը ` իբրեւ պաշտպանութեան պատասխանատուութեան միջոց /The Case for Canada’s recognition of the Republic of Artsakh as a measure of the responsibility to protect/»:
Փաթեթին կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով` https://anccanada.org/legalbrief/:

Աւստրալիա

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը նոյնպէս աշխատանքներու գերակշիռ մասը կեդրոնացուցած է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման վրայ եւ շարունակած է Աւստրալիոյ պետական իշխանութեան մարմիններուն վրայ ճնշումներ գործադրել` օգտագործելով նաեւ աւստրալահայ համայնքի ներուժը: Նախորդ շաբթուան բողոքի գործողութիւններէն եւ բարձր մակարդակի քաղաքական հանդիպումներէն վերջ` յանձնախումբը քաջալերած է, որպէսզի համայնքի բնակիչները շարունակեն Արցախի ճանաչման հարցով աւստրալիական խորհրդարանին ուղղուած խնդրագիրի զանգուածային ստորագրումները:

Լիբանան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը 15 Դեկտեմբերին նամակ ուղարկած է Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու դեսպաններուն` ուշադրութեան հրաւիրելով Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ դատապարտելով իսլամիստ վարձկաններով եւ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեամբ ռազմական յարձակումը:
Նամակին մէջ յիշուած է, որ թշնամական արարքները կասեցնելու համաձայնութիւնը գոյացած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբէն դուրս, որ հակամարտութեան լուծման միջնորդութեան լիազօրութիւն ունեցող միջազգային միակ մարմինն է: Ընդգծուած է, որ Հայաստանի վարչապետի, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը հետեւանք է ուժի ապօրինի կիրարկումին եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի կողմէն նշուած լիարժէք եւ հաւասարակշռուած բանակցութիւններու, եւ ըստ էութեան, այդ համաձայնութիւնը պատմական ժառանգութեան ու հազարամեակներ ի վեր հայերով բնակեցուած տարածքի բռնի փոխանցում է: Նամակին մէջ Արցախի ներկայ կացութեան, անվտանգային, քաղաքական, մարդասիրական, մշակութային եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի մասին ներկայացուած է համապարփակ տեղեկատուութիւն: Իբրեւ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ելք` համանախագահ երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ ուղղուած է ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ