Արցախի մելիքական տոհմերը անմիջական ժառանգորդներն ու հետեւորդներն էին միջնադարու Արցախի թագաւորներուն եւ իշխաններուն, որոնք  ճանչցուած էին որպէս մելիքներ եւ անոնց տիրութիւնները՝ մելիքութիւններ: Խամսա՝ արաբերէն կը նշանակէ հնգեակ, «Խամսայի Երկիր»ը Արցախ-Խաչէնի իշխանական տոհմերու ստեղծած զինական միութեան անդամ հինգ հայկական իշխանութիւններու ընդհանուր անուանումն է: Մելիք տիտղոսը եւ անոնց իշխանութիւնը կանոնաւորեց պարսից շահ Աբբաս-ը՝ 1603-ին: Խամսայի մելիքները հզօրացան 17-րդ դարու վերջը եւ 18-րդ դարու սկիզբը՝ ստանձնելով եւ գլխաւորելով հայ ազատագրական շարժումը ընդդէմ պարսկական եւ թրքական ուժերուն:
Մելիքներու իշխանութիւնը ժառանգական էր, հօր մահէն ետք անդրանիկ զաւակը կը տիրէր, որ կը կոչուէր մելիք, իսկ միւս եղբայները՝ բեկ: Մելիքները անսահման իրաւունք ունէին իրենց հպատակները դատելու, պատժելու եւ նոյնիսկ մահուան դատապարտելու: Զինուորական գործերը կը տնօրինէին հարիւրապետները, որոնք ընդհանրապէս  մելիքեան տան անդամներէն կը նշանակուէին: Իսրայէլ Օրիի բանակցութիւններով ստեղծուած եւ անոր գործակից՝ Գանձասարի կաթողիկոս Եսայի Հասան-Ջալալեանի ղեկավարութեամբ ձեւաւորուած ռուսական աջակցութեամբ եւ խամսայի մելիքութիւններու զինեալ ուժերով 1720-ին ազատագրական մարտեր  կը մղուին պարսկական եւ թրքական բռնագրաւիչներու դէմ:
    Խամսայի մելիքութիւններուն մաս կը կազմեն փոքր հինգ գաւառներ, որոնք իրար միանալով կը կազմեն մեծ նահանգ, որ ծանօթ կը դառնայ որպէս Արցախ կամ փոքր Սիւնիք:
Յիշեալ հինգ նահանգներն են.
1-Գիւլիստան կամ Թալիշ, որ կը տարածուի Գանձակի սահմաններէն մինչեւ Թաթար:
2-Ջրաբերդ կամ Չարաբերդ, որ կը սկսի Թաթար գետէն եւ կը տարածուի մինչեւ Խաչէնի գետը:
3-Խաչէն, որ կը տարածուի Խաչէն գետէն մինչեւ Բալլու-Չայ գետը:
4-Վարանդա, որ կը տարածուի Բալլու Չայ գետէն մինչեւ Դիզափայտի լեռնային գօտին:
5-Տիզակ կամ Դուզախ, որը կը տարածուի Դիզափայտի լեռներէն մինչեւ Երասխ գետը:
Անդրադառնանք Խամսայի հինգ մելիքութիւններու ծագման.
1-Գիւլիստանի  Մելիք-Բեգլարեաններու ծագումը
Մելիք Բեգլարեանցիները բնիկ ուտեացիներ են, Նիժ գիւղէն: Թէ ինչ պատճառներով անոնք ստիպուեցան լքել իրենց հայրենիքը եւ Գիւլիստան գաւառի մէջ հաստատուիլ , պատմութիւնը լուռ է: Միայն այսքանը յայտնի է, որ առաջին գաղթականը՝ «Ղարա-յուզբաշի» սեւ հարիւրապետը, որ յայտնի էր սեւ Աբով անունով, 16-րդ դարու սկիզբը հաստատուեցաւ Արցախի այս կողմերը, իր հետ ունենալով միայն եօթ ընտանիքներ: Անոր որդին՝ Մելիք-Բեգլար հիմը դրաւ Գիւլիստանի մելիքներու իշխանութեան եւ աւելի ընդարձակեց իր սահմանները: Ան տիրապետեց Գիւլիստան բերդին, նորոգեց զայն եւ իր բնակութիւնը այնտեղ հաստատեց:
2-Ջրաբերդի Մելիք-Իսրայէլեաններու ծագումը
Ջրաբերդի Մելիք-Իսրայէլեաններու ծագման մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ ունինք: Կը յիշուի, թէ Մելիք Իսրայէլի որդին՝ Մելիք Եսային  1687-ին կը գաղթէ Արցախ, իր հետ բերելով բազմաթիւ ընտանիքներ: Այնուհետեւ Մռաւ սարի լեռնաբնակիչները իրեն ենթարկելով ու աւելի զօրանալով կը տիրէ Կուանք կոչուած ձորին՝ սկսեալ Ռմբոստեան լեռներէն մինչեւ Դիւթական գիւղը:
3- Խաչէնի Հասան-Ջալալեան Մելիքներու ծագումը
Արցախի տիրապետող հինգ մելիքական տոհմերէն միայն Խաչէնի իշխողները բնիկներն են: Խաչէնի մելիքներուն ծագումը շատ հին պատմութիւն ունի: Այս տոհմէն կ’ընտրուէին Գանձասար վանքի կաթողիկոսները: 16-րդ դարու Հասան-Ջալալեան իշխաններէն նշանաւոր էին երեք եղբայրներ՝ Երեմիա կաթողիկոսը, Վելիջան բեկ 3-ը եւ Մուլքի-բեկը:
4-Վարանդայի Մելիք-Շահնազարեաններու ծագումը
1682-ին Կովկասեան լեռնաբնակներու արշաւանքները Գեղարքունեաց երկիրը աւերակ դարձուցին: Այդ ժամանակ Մելիք Շահնազարի որդի՝ Մելիք-Հուսէյինը եւ անոր եղբօրորդին՝ Մելիք Բաղին հեռացան Գեղամայ լիճէն եւ իրենց ժողովուրդին հետ հաստատուեցան Վարանդա գաւառի  Աւետարանոց գիւղը: Այստեղ կառուցեցին եկեղեցի եւ ամուր պարիսպներով շրջապատեցին Աւետարանոցը:
5-Տիզակի Մելիք Աւանեաններու ծագումը
Մելիք Աւանեանները նոյնպէս գաղթականներ էին, Լոռի գաւառի Արտու գիւղէն:16-րդ դարուն այդ գաւառի մէջ զօրացան Լորիս Մելիքեանները: Այդ տոհմէն էր Մելիք Աւանը. Ան անընդհատ կռիւներ ունէր տոհմակից Մելիք-Էլիզբարի հետ, որը խլած էր Մելիք-Աւանի ժառանգութիւնը՝ Փամբակ ձորը եւ Լոռիի մէկ մասը: Մելիք-Աւան չկարենալով յաղթել, իր հօր՝ Ղուկաս վարդապետին եւ իր ժողովուրդին հետ գաղթեց Արցախի Տիզակ գաւառի Տող գիւղը: Այստեղ հայրը նորոգեց Գտիչ վանքը եւ միաբանութիւն հաստատեց: Իսկ որդին՝ Մելիք-Աւանը Տող գիւղի մէջ հիմնեց եկեղեցի եւ ամրացուց գիւղը շրջապարիսպով: Անոր փառաւոր պալատը  հայկական արձանագրութիւններով մինչեւ այսօր կը գտնուի գիւղին մէջ:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսըզեան