«Ասպարէզ».- 17 Դեկտեմբերին մեկնարկեց Հայ Օգնութեան Միութեան «Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին» ծրագիրը:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Համեստ Պէօճէքեան, Հայաստանի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները, ընկերակցութեամբ ծրագիրի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն՝ առաջին փուլով այցելեցին Արարատի մարզի Նիզամի, Սիս, Սայաթ Նովա եւ Ղուկասաւան գիւղերը: Անոնք ընդհանուր 84 ընտանիքներու նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին, իւրաքանչիւր ընտանիքի յանձնելով 250 ամերիկեան տոլար:
Սոյն ծրագիրը կը միտի 4 ամսուան տեւողութեամբ, ամսական դրութեամբ 250 ամերիկեան տոլար նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել տեղահան եղած Արցախահայ նուազագոյնը 1000 ընտանիքներու՝ մասամբ հոգալու համար անոնց սննդեղէնի, հագուստեղէնի եւ կենցաղային ծախսերը:
Առաւելաբար, հիմնուելով ՀՕՄի աւանդական «Ամանոր» ծրագիրի գաղափարին, այս տարի դրամահաւաքի յատուկ արշաւին արդիւնքով, ՀՕՄի մասնաճիւղերուն եւ համակիրներուն նուիրատուութեամբ կ՛իրագործուի «Ամանոր» յատուկ ծրագիրը՝ զուարճացնելու համար Արցախահայ երեխաները Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին: Առ այդ, վերոնշեալ ծրագիրին զուգահեռ, նոյն շրջաններուն մէջ, 210 երեխաներ ստացան Ամանորի առթիւ նուէրներ:
Նուիրեալ ՀՕՄուհիներն եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն ընթացքին պիտի այցելեն այլ շրջաններ եւս, յաւելեալ ընտանիքներու թիկունք կանգնելու եւ մեծ թիւով երեխաներու նուէրներ բաժնելու նպատակով:
Շնորհակալութիւն մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնց ճիգերով ՀՕՄը ձեռնարկեց եւ իրականացուց այս ծրագիրին առաջին հանգրուանը: