«Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում» նախաձեռնութիւնը 22 Դեկտեմբերին յայտարարած է համահայաստանեան գործադուլ եւ դասադուլ: Հայաստանի մէջ 22 Դեկտեմբերին` ժամը 12:00-ին սկսաւ համահայաստանեան գործադուլ եւ դասադուլ: Ժամը 12:00-ին քաղաքի տարբեր վայրերէն` տարբեր խումբեր երթերով հասան դէպի հանրապետութեան հրապարակ: Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին միացած են գիտական, մարզական, մշակութային համայնքներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, Երեւանի պետական համալսարանը: Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը կը պահանջեն նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Գարեգին Երկրորդ եւ Արամ Առաջին կաթողիկոսները, սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններ, մօտաւորապէս 150 համայնքներու ղեկավարներ: