«Երկիր».- Mediaport ը կը հաղորդէ, որ Պաքուի զինուորական դատարանը քննած եւ բաւարարած է ատրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող Հայաստանի քաղաքացի Լիւտուիք Մկրտչեանի խափանումին միջոցը կալանք ընտրելու միջնորդութիւնը:
Մկրտչեան, որ գերեվարուած է Արցախեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին, այժմ կը գտնուի Պաքուի մէջ: Դատարանի որոշումով ան կալանաւորուած է 4 ամիսով: