«Երկիր».-Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրօնի հետ, քննուարկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
Փութին ընդգծած է, որ իրավիճակը տարածաշրջանի մէջ կը կայունանայ :
«Հանգամանօրէն քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:  Ռուսիոյ նախագահը ընդգծած է, որ տարածաշրջանի մէջ իրավիճակը կը կայունանայ, իսկ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ արձանագրուած համաձայնութիւնները, ընդհանուր առումով, հետեւողականօրէն կ’իրականացուին: Յիշուած է յաջող աշխատանքը ռուս խաղաղապահներուն, որոնք Պաքուի եւ Երեւանի խնդրանքով ապահոված են հրադադարի վարչակարգը եւ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ, ուր յիշուած է նաեւ, որ հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման տարբեր մակարդակներով, յատկապէս ` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակներու մէջ համակարգումի շարունակութեան փոխադարձ պատրաստակամութիւնը: