«Ազդակ».- Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ-ի Լիբանանի ընտանիքի շարքային ընկերներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի պարզած ներկայ կացութեան մասին` Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմէն եւ 9 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետին ստորագրած պարտուողական յայտարարութենէն ետք: Տէր Խաչատուրեան նաեւ յստակացուց ՀՅԴ համահայկական կառոյցի ընելիքները յառաջիկայ փուլին ընթացքին:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ միտքերու փոխանակում կատարուի ներազգային օրակարգի բազմաթիւ հարցերու շուրջ, եւ շարքային ընկերները իրենց անկեղծ մտահոգութիւնը արտայայտեն Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ կացութեան գծով: