Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին կազմակերպած բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ: Հիմնական եւ գլխաւոր ցոյցը Հանրապետութեան հրապարակին մէջ է: Ցուցարարներուն մէկ մասը գտնուած են կառավարութեան շէնքին մօտ: Ցոյցերը ընթացած են նաեւ ԿԳՄՍ նախարարութեան եւ դատախազութեան մօտ:Ապա վերջին երկու ցոյցերու մասնակիցները միացած են:
Կառավարութեան շէնքի շուրջը ոստիկանական մեծ ուժեր կեդրոնացուցած են: Յատկապէս ոստիկանական ուժերու կուտակումներ կան կառավարութեան շէնքի ետեւ հատուածը, ուր բազմաթիւ հանրակարգեր կանգնած են ոստիկանական ուժերով:
Ոստիակններ եղած են նաեւ Սախարովի հրապարակին եւ Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքին մօտ (Վերնիսաժի մօտ):