Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը բազմիցս յորդորած եւ կոչ ուղղած է ՀՀ ոստիկանութեան զերծ մնալ ապօրինութիւններէն, բացառել անհամաչափ եւ բիրտ ֆիզիքական ուժի կիրառումը, չիրականացնել ապօրինի ձերբակալութիւններ: Առերեւոյթ իշխանազանցութեան եւ բազում այլ ոճրագործութիւններու հետեւանքով երկիրը օրհասական վիճակի հասցուցած, սահմանադրական կարգը խարխլելուն միտուած, ողջ իրաւապահ եւ ուժային կառոյցները կատարեալ ճգնաժամի մէջ ներքաշած իշխանութիւններուն հետագայ ապազգային, լրջագոյն վտանգներով ուղեկցուող գործընթացներու կանխարգիլման ուղղուած խաղաղ հաւաքներու մասնակիցներուն նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն մարտահրաւէր է սեփական պետականութեան եւ ազգի գոյապահպանութեան դէմ: Տակաւին վերջին օրերուն ՀՀ ոստիկանութեան տարբեր աշխատակիցներու կողմէն շարք մը դրուագներով կ’իրականացուին ապօրինութիւններ, որուն հետեւանքով ՀՀ քաղաքացիներու առողջութեան պատճառ կ’ըլլան տարբեր աստիճանի վնասուածքներ, ապօրինաբար խոչընդոտուածէ քաղաքացիներու` հաւաքներ կատարելու սահմանադրական իրաւունքը, եւ ակնյայտ անհիմն կերպով ենթարկուած են վարչական ձերբակալումի: Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի իրաւական յանձնախումբը, հաւատարիմ մնալով իրաւական պետութեան իր անբեկանելի տեսլականին եւ օրինականութեան սահմանադրական սկզբունքին, իրաւասու մարմիններուն պիտի յանձնէ բոլոր յանցագործութիւններու մասին հաղորդումները, որոնք իրականացուած են ՀՀ ոստիկանութեան կողմից խաղաղ հաւաքներու մասնակիցներուն նկատմամբ: Ոստիկանութեան Սահմանադրական պարտքն է պաշտպանել ՀՀ քաղաքացիները յանցագործներէն, այլ ոչ թէ իշխանութիւններու կամայականութիւններուն յագուրդ տալու նպատակով յանցանք կատարել մարդու եւ քաղաքացու նկատմամբ: Յանցանք կատարած ոչ մէկ անձ անպատիժ պիտի մնայ:

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում