«Էրմէնիհապեր».- Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարի ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցին յայտնած է, որ 29 Դեկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՌԴ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ու Մեւլութ Չաւուշօղլուիի հանդիպումը, որուն ընթացքին գործընկերները պիտի քննարկեն 9 Նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մասին եռակողմ յայտարարութեան իրագործման ընթացիկ հարցերը: Զախարովան յայտնած է, որ ռուս գործընկերոջ հրաւէրով Չաւուշօղլուն 29 Դեկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Սոչի` մասնակցելու ռազմավարական ծրագրաւորման միատեղ խումբի VIII հանդիպումին, որուն շեշտը պիտի դրուի կարելի բախումներուն վտանգը նուազագոյնի հասցնելու եւ կողմերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու վրայ: ՌԴ ԱԳ ներկայացուցիչի խօսքին համաձայն, ուշադրութեան առկայ պիտի ըլլայ նաեւ ԼՂ հակամարտութեան գօտիին բոլոր ռազմական գործողութիւններու եւ հրադադարի վերահսկման ռուս-թրքական միատեղ կեդրոնի գործունէութեան հարցը: