«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Հանրային կապերու մարմինին նախաձեռնութեամբ, 30 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ միամեայ գործունէութեան «Մի՛շտ միասին, կառուցենք մեր ապագան» խորագիրով տարեփակի առցանց ձեռնարկը:
Յայտագիրին ընթացքին ամփոփուեցան 2020 թուականին կատարուած առողջապահական, ընկերային ու բարեսիրական աշխատանքները, յատկապէս պսակաձեւ ժահրին ստեղծած ճգնաժամին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք վերականգնողական տարբեր բնոյթի գործունէութիւնը:
Պսակաձեւ ժահրի ճգնաժամային շտապի աշխատանքները եւ անոր մատուցած ծառայութիւնները ներկայացուց շտապի անդամ տոքթ. Սահակ Քէշիշեան: Ընկերային ոլորտին մէջ բարեսիրական աշխատանքներու համակարգումը ներկայացուց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ դիտել տուաւ, թէ 2020 թուականը տարբեր տեսակի դժուարութիւններու տարի մը եղաւ` յատկանշուած ցաւով, վնասներով եւ կորուստներով, բայց եւ այնպէս լիբանանահայութիւնը հաւատքով, կամքով եւ միասնաբար կրցաւ դիմագրաւել ցցուած դժուարութիւնները` շնորհիւ իրարու ձեռք երկարելու, իրարու նեցուկ ու ապաւէն ըլլալու աւանդութեան: Ան թիւերով եւ տուեալներով ներկայացուց այս տարուան ճգնաժամի տարբեր փուլերու դիմագրաւման համար Ազգային առաջնորդարանին կողմէ տրամադրուած բազմաբնոյթ օժանդակութիւնները: Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ բարեսիրական աշխատանքը սկիզբ եւ վերջ չունի, ուստի անիկա պիտի շարունակուի:
Նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքները յաղթահարելու աշխատանքները ներկայացուց Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ խօսեցաւ մարմինի ստեղծման հանգամանքներուն, նպատակներուն եւ գործի տարբեր փուլերուն մասին: Ան շեշտեց, որ մարմինի առաջնային նպատակը եղած է երդիք ապահովել պայթումին պատճառով անօթեւան դարձած հայորդիներուն` հիմնական նորոգութիւններու օժանդակելու գումարներ տրամադրելով, երկրորդ` վերակառուցել եկեղեցի ու դպրոց, երրորդ` առողջապահական մարզին մէջ աշխատիլ, չորրորդ` կրթական մարզին մէջ գործունէութիւն ծաւալել: Գ. Մկրտիչեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս եղած են արժեւորումները, հատուցման չափերը եւ աշխատանքի մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ ներկայիս եւս առիթ տրուած է դիմում կատարելու, որովհետեւ եղած են պարագաներ, որոնք առաջին փուլին տարբեր պատճառներով չեն ներկայացուցած իրենց վնասներուն պատկերը: Մարմինը նաեւ գումարներ տրամադրած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով նահատակուած 14 անձերու ընտանիքներուն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի քարոզչական աշխատանքները, համայնքի վերականգնումի հիմնական ուղղութիւններն ու Արցախի պատերազմին լոյսին տակ կազմակերպուած հանգանակութեան եւ լիբանանահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն մանրապատկերը ներկայացուց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, հանրային կապերու պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեան: Ան նշեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, անոր կառոյցները, քոյր միութիւնները մերօրեայ պայմաններուն համապատասխան ծրագիրներով հասան լիբանանահայութեան, ձեռք երկարեցին անոր, շուտով կրցան մշակել այնպիսի ծրագիրներ, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ նեցուկ կանգնիլ տագնապահար լիբանանահայերուն:
Յակոբ Հաւաթեան նաեւ խօսեցաւ Հայ Դատի եւ քարոզչական աշխատանքներուն մասին, որոնք իրականացան հիմնականին մէջ առցանց դրութեամբ, սակայն ունեցան իրենց իմաստն ու խորհուրդը: Ըստ անոր, Արցախին նեցուկ կանգնելու համար կազմակերպուած հանգանակութեան պատուաբեր պատկերով ներկայացաւ լիբանանահայութիւնը` իր վերջին լուման իսկ ներդրելով, բան մը, որ յատուկ է այս գաղութին: Յ. Հաւաթեան յիշեց, որ արցախեան վերջին պատերազմին լիբանանահայութիւնը նուիրաբերեց նաեւ իր արժէքաւոր զաւակներէն` համբաւաւոր եւ վաստակաշատ թենոր Գէորգ Հաճեանը:
Աւարտին, Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան վերաբերող ընթացիկ տարուան բարդ իրադարձութիւններուն առնչուող տուեալներ եւ վերլուծումներ ներկայացուց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Առաջին բաժինով ան խօսեցաւ Լիբանանի տարբեր բնագաւառներուն մէջ արձանագրուած ընդհանուր նահանջին մասին, որուն լոյսին տակ, բնականաբար, կարիքները մեծցան, ճգնաժամը խորացաւ, սակայն միշտ ալ տիրական մնաց հայուն` իր եղբօր հասնելու երեւոյթը, որուն շնորհիւ ալ կարելի եղաւ գոյատեւել: Յ. Բագրատունի խօսեցաւ այս տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով եւ փուլերով լիբանանահայ հայորդիներուն տրամադրուած բազմաբնոյթ օժանդակութիւններուն մասին:
Յակոբ Բագրատունի յոյս յայտնեց, որ ցարդ մեր ցուցաբերած դիմադրողականութիւնը բազմապատկուելով` յառաջիկայ տարի քիչ մը աւելի հանդարտ, առողջ, կորովի, խիզախութեամբ կարենանք նայիլ դէպի ապագայ, եւ, վերջին հաշուով միասնաբար, միացեալ կամքով կարենանք կառուցել մեր բոլորին հաւաքական ապագան:
Արցախին եւ Լիբանանին նուիրուած երգերով առցանց ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ հանրածանօթ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան:
Յայտագիրի ընթացքին հնչեցին նաեւ արցախեան պատերազմին լիբանանահայ նահատակ Գէորգ Հաճեանի ռազմահայրենասիրական երգերը:
Տեղին է նշել, որ առցանց յայտագիրին հետեւեցան Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի բազմաթիւ երկիրներէն Կեդրոնական կոմիտէին եւ իր կառոյցներու ընկերային ցանցերու էջերու բազմահազար հետեւորդներ: Յայտագիրը վարեց «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական բաժնի հաղորդավար Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան:
Թիւերով, տուեալներով յագեցած տարբեր բնոյթի այս աշխատանքներու հրապարակային զեկուցումը առիթ էր միամեայ ծառայողական գործունէութեան հաշուետուութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան ծառայելու աննահանջ երթի յանձնառութիւնը վերստանձնելու: