«Երկիր».- 3 Յունուարին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի պետ Յունան Թադէոսեան յայտնած է, որ որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով նախօրէին յայտնաբերուած է 10 մարմին:
«5 աճիւն դուրս բերուած է Ֆիզուլիէն, 4 աճիւն` Հադրութէն, 1-ը` Մարտունիէն: Այսօր որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին Հադրութի եւ Ֆիզուլիի մէջ», աւելցուցած է Յունան Թադէոսեան:
Անոր խօսքին համաձայն, մինչ օրս ընդհանուր առումով յայտնաբերուած է 1155 զոհուած զինուորական ծառայողի դի: