«Երկիր».-ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան դիմատետրի էջին վրայ տարածած է Շուռնուխի համայնքապետ Յակոբ Արշակեանի ուղիղ եթերի տեսագրութիւնը` գիւղին մէջ ատրպէյճանցիներուն յենակէտ տեղադրելու մասին:
«Չարիքի կառավարութեան գոյութեան ամէն օրը Հայաստանի Հանրապետութեան ու ողջ հայ ժողովուրդին համար անդառնալի է:
Ու տակաւին ոմանք կը շարունակեն արդարացնել կամ յանցաւոր անտարբերութեամբ մասնակից դառնալ հայրենիքը թիզ առ թիզ յանձնելու գործընթացին», գրած է ան: