«Հայրենիք».-28 Դեկտեմբերին Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ Ֆոնտ»ի պատուիրակութիւնը ժամանեց Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ:
ՀՅԴ Ստեփանակերտի կեդրոնին մէջ տեղակայուած «Արցախ Ֆոնտ»ի գրասենեակի անձնակազմի կազմակերպութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արցախի պատերազմին ընթացքին զոհուած նահատակներու հարազատներու հետ: Մտերմիկ եւ ազդեցիկ մթնոլորտի մը մէջ «Արցախ Ֆոնտ»ի ներկայացուցիչները խոր ցաւակցութիւն յայտնեցին մեծ կորուստին առիթով եւ հաստատեցին, որ իրենց հերոսներու կորուստը ողջ ազգի կուրուստն է: Հարազատները պատմեցին պատերազմի արհաւիրքի եւ իրենց հերոս նահատակներու մասին:
Աւարտին, «Արցախ Ֆոնտ»ի ներկայացուցիչները քսան զոհուած հարազատներուն նիւթական իրենց օժանդակութիւնը փոխանցեցին, իբրեւ ներդրում իրենց ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւնները մեղմացնելու միջոց:
«Ապառաժ» թերթին տուած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին Խաժակ Մկրտիչեան բացատրեց, որ «պատերազմի ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքները մեղմացնելը ընդհանրապէս պետութեան պարտականութիւնն է: Բայց գիտենք, որ պետական միջոցները սահմանափակ են, ուստի մեզի պէս բարեսիրական կազմակերպութիւններ, իրենց ուժերու ներածին չափով, որոշ բաժին մը կը վերցնեն իրենց ուսերուն, որպէսզի այդ ձեւով քիչ մը նպաստած ըլլան արցախցի մեր հայրենակիցներու դժուարութիւններու մեղմացման: «Արցախ Ֆոնտ»ը վճռած է միշտ մնալ Արցախի կողքին, եւ այս այցելութեան ընթացքին կատարուած օժանդակութիւնները վերջինը պիտի չըլլան»: