«Արմէնփրէս»-.Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 4 Յունուարին ստորագրած է  շարք մը հրամանագիրներ: Հրամանագիրի մը համաձայն,  Մասիս Մայիլեան դադրած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն, իսկ մէկ այլ հրամանագիրով Դաւիթ Բաբայեան նշանակուած է նոյն պաշտօնին` դադրելով ԱՀ  նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն:
Ստորագրուած մէկ այլ հրամանագիրով Վահրամ Պաղտասարեան դադրած է Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն` այլ աշխատանքի անցնելու համար, իսկ Գրիգոր Մարտիրոսեան նշանակուած է ԱՀ  տնտեսութեան նախարար` դադրելով պետական նախարարի պաշտօնէն: