«Armdaily».- 4 Յունուարին, շուռնուխցի Արարատ Աղաբեկեան տեսանիւթ մւը հրապարակած է, ուր յայտնած է, որ Սիւնիքի մարզի Շուռնուխ գիւղի բնակիչները կը հրակիզեն իրենց տուները, որպէսզի թուրքը ոտք չդնէ այնտեղ։ Անոնք մնացած են անտուն եւ անօգնական, այպանած են ներկայ իշխանութիւնները պարտուողական իրենց քաղաքականութեան համար՝ խոստանալով որ անպայման պիտի վերադառնան ու պիտի վերաշինեն իրենց բնակարանները։