Թուրքիոյ մէջ քուլիսային խօսակցութիւններ կը շրջանառուին այն մասին, որ 2021 Մարտի վերջաւորութեան հաւանական է, որ վերակարգաւորուին Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ երկուստէք դեսպաններու նշանակումը:
Իսրայէլեան Walla լրատու աղբիւրին հաղորդումով, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման համար միջնորդի դեր պիտի կատարէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Միւս կողմէ թրքական իշխանամէտ Milliyet օրաթերթի թղթակից Էճեմ Թօփլար կը յայտնէ, որ վերջերս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան  այս հարցով հեռաձայնային զրոյց  ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահին հետ եւ վերջինէն դրական արձագանգ ստացած:
Իսրայէլցի դիւանագիտական պաշտօնեաներ Milliyet-ին տուած հարցազրոյցին մէջ չեն հերքած թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Ատրպէյճանի՝ միջնորդ ըլլալու փաստը եւ աւելցուցած են, որ հակառակ այդ ամէնուն, տակաւին Թուրքիայէն դրական արձագանգ չեն ստացած: Դիւանագէտները նաեւ յայտնած են, որ Իսրայէլ պատրաստ է յարաբերութիւններու կարգաւորման: